ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի Թեմի հիմնադրութեան 300-ամեակին առթիւ շաբաթավերջին երկօրեայ յոբելենական գիտաժողով մը տեղի ունեցաւ Մոսկուայի մէջ։ Կարեւոր ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որուն մասնակցեցան շուրջ վեց տասնեակ հայագէտներ, պատմաբաններ, աստուածաբաններ, արուեստագէտներ, մշակութաբաններ եւ այլ հիւրեր՝ Հայաստանէն, Ռուսաստանէն եւ Ուքրայնայէն։ Մոսկուայի Առաջնորդարանի դահլիճի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ գիտաժողովը, որու բացման ելոյթով մը հանդէս եկաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Եզրաս Արք. Ներսիսեանն ալ ելոյթ մը ունեցաւ բացման փուլին։ Առաջին նիստին զեկուցում մը ներկայացուց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան։

Այս գիտաժողովը կազմակերպուած էր թեմի Հայագիտական կեդրոնին կողմէ։ Համագործակցած էին՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիան, Մատենադարանը, Հայաստանի Ազգային արխիւը, Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութիւնը, Մոսկուայի մօտ Հայաստանի դեսպանութիւնը, ինչպէս նաեւ Մոսկուայի մարզի Արխիւային վարչութիւնը։  

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2017