ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԷՆ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Ուքրայնայի Հայոց միութեան նախագահ Վիլէն Շատուորեանն ու միութեան շարք մը անդամները։ Խումբին կ՚ուղեկցէր Ուքրայնայի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Մարկոս Եպսկ. Յովհաննիսեան։ Հարկ է նշել, որ այս միութիւնը ներկայիս թեւակոխած է իր 20-ամեակի յոբելենական շրջանը։

Վեհափառ Հայրապետը յոբելենական շրջանին առթիւ յղեց իր օրհնութիւններն ու շնորհաւորութիւնները։ Ան գնահատանքով շեշտեց, որ Ուքրայնայի հայ համայնքը ամրօրէն կապուած է հայրենիքին եւ պատրաստակամօրէն կ՚արձագանգէ Հայաստանի առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման։ Վերյիշելով Ուքրայնայի թեմի ձեւաւորման եւ գործունէութեան սկզբնաւորման առաջին տարիները՝ Նորին Սրբութիւնը գնահատեց Վիլէն Շատուորեանն ու միութեան միւս անդամները։ Իր կարգին, Շատուորեանն ալ երախտագիտութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ ջերմ հիւրընկալութեան, հայրական օրհնութեան եւ զօրակցութեան համար։

Հուսկ, Նորին Սրբութիւնը բոլորին մաղթեց Աստուծոյ օրհնութիւնն ու խաղաղ կեանք։

Միւս կողմէ, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախընթաց օր հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Յունաստանի նորանշանակ դեսպան Էվանկելոս Թուրնաքիսը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2021