ՊԸՐՊԵՆՔԻ ՄԷՋ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Հայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» կոթողային երկի արեւմտահայերէն նոր փոխադրութեան շնորհանդէսը։ Պըրպենքի առաջնորդարանի «Համբար» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը՝ հովանաւորութեամբ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի։ Հարկ է նշել, որ աղօթամատեանի արեւմտահայերէնի փոխադրման այս նոր փորձը կատարուած է Տ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեանի կողմէ։

Ձեռնարկի յայտագիրը գործադրուեցաւ Տ. Գրիգոր Քհնյ. Աբեանի հանդիսավարութեամբ։ Երաժշտական յայտագիր գործադրուեցաւ Ս. Ղեւոնդեանց Առաջնորդանիստ Մայր տաճարի «Շնորհալի» երգչախումբին կողմէ։

Տ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան ներկայացուց իր կատարած գործը, իսկ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան հանդէս եկաւ օրհնութեան խօսքով։

Աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն։ 

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2021