ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՈՒՔՐԱՅՆԱ ԱՅՑԸ

Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Ուքրայնոյ թեմէն ներս շաբաթավերջին ապրուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս թեմին շնորհեց հովուապետական այցելութիւն մը, որու ընթացքին Քիեւի մէջ հանդիսապետեց թեմի առաջնորդանիստ նոր եկեղեցւոյ հիմնարկէքի արարողութեան։ Բաց աստի, Վեհափառ Հայրապետի ձեռամբ կատարուեցաւ Տնեփր քաղաքի մէջ նոր կառուցուած Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը։

Այցելութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին ուղեկցեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան, դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան, Ռումանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Տաթեւ Եպսկ. Յակոբեան, գաւազանակիր Տ. Աղան Աբեղայ Երնջակեան եւ տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան։ Ուքրայնոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Մարկոս Եպսկ. Յովհաննիսեան եւ թեմի հոգեւորականաց դասը եւս միացան Նորին Սրբութեան։

Երկուշաբթի, Մարտ 19, 2018