ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐԸ ԴԻՄԵՑԻՆ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ

Երուսաղէմի մէջ այս տարի անհանգստացուցիչ վիճակ մը ստեղծուած է Աւագ շաբթուան ընդառաջ՝ «Լոյս»ի արարողութեան կապակցութեամբ Իսրայէլի ոստիկանութեան կողմէ նախատեսուած սահմանափակումներուն հետեւանքով։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը վերջերս այս հարցին շուրջ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկած էր։ Պատրիարքարանի դիւանապետ Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեան երէկ այս կապակցութեամբ հերթական հրապարակումները ըրաւ։ Այսպէս, Պատրիարքարանի նախորդ յայտարարութենէն երկու օր անց Երուսաղէմի Հին քաղաքի ոստիկանատան քրիստոնեաներու բաժնի պատասխանատու սպան հեռաձայնով տեղեկացուցած է, որ աւելի առաջ նախատեսուած 200-ին փոխարէն «Լոյս»ի արարողութեան կրնայ մասնակցիլ 450 հայ ուխտաւոր։ Ս. Աթոռը դարձեալ իր անհամաձայնութիւնը յայտնած է այս կապակցութեամբ եւ ձեռնարկած է աշխատանքի, որպէսզի միասնական բողոք-նամակ մը գրի առնուի՝ իրաւատէր համայնքներու առաջնորդներուն կողմէ։ Ինչպէս ծանօթ է, Սուրբ Քաղաքի համաքրիստոնէական սրբավայրերը կը տնօրինուին Հայ Առաքելական եւ Յոյն Ուղղափառ եկեղեցիներուն, ինչպէս նաեւ Ֆրանսիսքեան միաբանութեան կողմէ՝ յանուն Կաթոլիկ եկեղեցւոյ։

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, երէկ, այս երեք համայնքներու հոգեւոր պետերը միասնական նամակ մը ուղարկած են Իսրայէլի նախագահ Իսաք Հերցոքին։ Նամակը ստորագրուած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի, Նորին Ամենապատուութիւն Թէոֆիլոս Գ. Յոյն Ուղղափառ Պատրիարքին, ինչպէս նաեւ Ֆրանսիսքեան միաբանութեան Սուրբ Քաղաքի հսկիչ Հայր Ֆրանչեսքօ Փաթթոնի կողմէ։

Սոյն միասնական նամակով անոնք անհամաձայնութիւն յայտնած են Զատկի տօնակատարութիւններուն համար նախատեսուած սահմանափակումներուն դէմ՝ զանոնք որակելով անընդունելի։ Եկեղեցիներու ղեկավարները, որոնք պատասխանատու են «Լոյս»ի արարողութեան համար, խոր մտահոգութիւն եւ անհամաձայնութիւն կը յայտնեն այս անարդար եւ անբացատրելի որոշման առընչութեամբ, ինչ որ կը սահմանափակէ քրիստոնեայ ուխտաւորներու հաւատքի ազատ պաշտամունքի իրաւունքը՝ իրենց համար տարուայ կարեւորագոյն այս օրը։ Աստուծոյ նկատմամբ նուիրական այս ծառայութիւնը ձեռք բերուած է շնորհիւ եկեղեցիներու տեւական համագործակցութեան, դարերէ ի վեր կը շարունակուի եւ երբեք անվտանգութեան վերաբերեալ մտահոգութիւններ չէ յառաջացուցած։ Նամակին մէջ շեշտուած է, որ քրիստոնեայ աշխարհը այս սահմանափակումները կը մեկնաբանէ՝ որպէս քրիստոնեայ փոքրամասնութեան անարդար թիրախաւորում։

Նամակին մէջ շեշտուած է, որ «Սթաթիւքօ»ի կոմիտէն հաւատարիմ է անվտանգ արարողութեան ու կը խնդրէ, որ Իսրայէլ աջակցի ու թոյլ տայ, որպէսզի քրիստոնեաները առանց սահմանափակումներու տօնեն Քրիստոսի Յարութիւնը։ Կոմիտէն կոչ կ՚ուղղէ Իսրայէլին՝ ինչպէս միշտ, ապահովել եկեղեցիներու իրաւունքը, որպէսզի կիրառեն իրենց աւանդութիւններն ու արարողութիւնները եւ թոյլ տալ, որպէսզի քրիստոնեայ ուխտաւորները ազատօրէն մտնեն Հին քաղաք եւ ճանապարհորդեն դէպի Սուրբ Գերեզման։ «Համաճարակով պայմանաւորուած զանազան ու երբեմն խիստ սահմանափակումներէն, երկու տարուայ դժուարին պայքարէ յետոյ կենսական նշանակութիւն ունի, որ բոլոր համայնքներուն անգամ մը եւս թոյլատրուի ազատ եւ առանց սահմանափակումներու պաշտամունքը», նշուած է նամակին մէջ։ Երուսաղէմի քրիստոնեաներու հոգեւոր առաջնորդները վստահութիւն յայտնած են, թէ Իսրայէլի նախագահ Հերցոք իմաստուն միջամտութիւն մը կը կատարէ։ 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2022