ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի տնօրինութեամբ, երէկ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան Ս. Զատկի առթիւ շնորհաւորական այցելութիւններ տուին Ասորի Ուղղափառ եւ Ասորի Կաթոլիկ եկեղեցիներու պատրիարքական փոխանորդներուն։

Նորին սրբազնութիւնն ու հայր սուրբը նախ այցելեցին Թարլապաշըի Ս. Աստուածածին ասորի ուղղափառ եկեղեցին, ուր յանուն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր շնորհաւորեցին Պատրիարքական փոխանորդ Մոր Ֆիլիքսինոս Եուսուֆ Չեթին Մետրապոլիտին անձին մէջ ասորի ուղղափառ համայնքի Ս. Զատիկը։ Մետրապոլիտը շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ամենապատուութեան, որ իր ներկայացուցիչներու միջոցաւ ուրախակից եղած էր ասորի ուղղափառ քոյր եկեղեցւոյ Ս. Յարութեան տօնախմբութեան։

Միւս կողմէ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան այցելեցին նաեւ Կիւմիւշսույուի ասորի կաթոլիկ եկեղեցին, ուր եւս յանուն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր շնորհաւորեցին Պատրիարքական փոխանորդ Մոնս. Օրհան Չանլը Քորեպիսկոպոսի անձին մէջ ասորի կաթոլիկ համայնքի Ս. Զատիկը։ Մոնս. Չանլը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ամենապատուութեան, որ իր ներկայացուցիչներու միջոցաւ ուրախակից եղած էր ասորի կաթոլիկ եկեղեցւոյ Ս. Յարութեան տօնախմբութեան եւ արեւշատութիւն մաղթեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2023