ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԹԵՄԱԿԱԼ ԱՌԱՋՆՈՐԴ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վաւերացուց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի նոր առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեանի ընտրութիւնը։ Ներկայ ամսուայ սկիզբին գումարուած Թեմական պատգամաւորական ժողովը առաջնորդ ընտրած էր Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեանը եւ ընտրութեան արդիւնքը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին տեղեկացուած էր՝ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի հաստատման համար։

Նիւ Եորքի առաջնորդարանի աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ Նորին Սրբութիւնը արդէն վաւերացուցած է նորընտիր թեմակալ առաջնորդի ընտրութիւնը։

Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան, որ նոր սերունդի փայլուն ներկայացուցիչ մըն է, այս պաշտօնին մէջ կը յաջորդէ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեանին։

Հինգշաբթի, Մայիս 19, 2022