«ԿԵԱՆՔԻ ՊԱՏԳԱՄ»

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով նշեց Համբարձման տօնը։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, այս տօնին օրը կը յիշատակուի նաեւ 1441 թուականին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Աթոռի Սիս քաղաքէն Սուրբ Էջմիածին փոխադրման պատմական օրը՝ Վաղարշապատի ժողովի որոշման հիման վրայ։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր հովանաւորութեամբ երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցան հանդիսաւոր արարողութիւններ։ Ս. Գայիանէ վանքին մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Տաւուշի թեմի առաջնորդ Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեան։ Օրուան քարոզին մէջ Նորին Սրբազնութիւնը մասնաւորապէս անդրադարձաւ Կաթողիկոսական Աթոռի Սուրբ Էջմիածին փոխադրման։ Իր խօսքով՝ Հայոց Եկեղեցին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, ազգընտիր իր գահակալի օրհնութեամբ եւ առաջնորդութեամբ, կը փորձէ դառնալ այն տապանը, առաջնորդող ուղին, ճանապարհը, որ չի սպաններ յոյսը, այլ կեանքի պատգամ կը յղէ՝ իր շուրջ հաւաքելով աշխարհասփիւռ հայորդիները։ «Այսօր Հայոց Եկեղեցին բոլոր տագնապներուն եւ մարտահրաւէրներուն մէջ դարձեալ իր զաւակները կը հրաւիրէ, զանոնք կը կոչէ տէր կանգնիլ իրենց պատասխանատուութեան եւ իրաւունքներուն, չերկնչիլ աշխարհի դաւերէն ու ցաւերէն, չվախնալ նահատակութեան փառքի պսակէն, չտատամսիլ Աստուծոյ խօսքի հաւատարմութեան մէջ», ըսաւ Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեան ու միեւնոյն ժամանակ միաբանութեան անունով օրուան տօնին կապակցութեամբ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին մաղթեց երկար, արեւշատ գահակալութեան օրեր, որպէսզի հայորդիները տեսնեն ծաղկումն ու վերականգնումը համբուրելի հայրենիքին։

Նորին Սրբութեան հանդիսապետութեամբ, Ս. Պատարագի աւարտին, կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք, որու ընթացքին հոգեւոր դասն ու ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդը առ Աստուած աղօթք բարձրացուցին՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան անսասանութեան, պայծառացման ու շէնացման համար։

Ուրբաթ, Մայիս 19, 2023