ՅՈՐԴՈՐՆԵՐ՝ ՈՒԽՏԱՒՈՐԱՑ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջերս հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն խումբ մը ուխտաւորներ։ Պոսթընի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Առաքել Քհնյ. Ալճանեանի եւ Օլպանիի Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Ստեփանոս Քհնյ. Տուտուքճեանի կողմէ գլխաւորուած էր ուխտաւորներու խումբը։

Զրոյցի տեւողութեան Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը ամերիկաբնակ հայորդիներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը ողջունեց սփիւռքի զանազան համայնքներէն ուխտագնացութիւններու կազմակերպումը՝ կարեւորելով այս ուղղութեամբ ծառայութիւն մատուցած հոգեւոր սպասաւորներու դերակատարութիւնը։

Վեհափառ Հայրապետը խօսեցաւ Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ դժուարութիւններուն մասին։ Ինչպէս պատմութեան ընթացքին, այնպէս ալ այսօր ժողովուրդը այդ բոլորը կը յաղթահարէ Աստուծոյ օգնութեամբ ու զօրակցութեամբ, Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդը ըլլալու հաւատքով ու գիտակցութեամբ։ Միեւնոյն ժամանակ, Նորին Սրբութիւնը ուխտաւորներուն պատգամեց երիտասարդներու հայեցի դաստիարակութեան համար հոգ տանիլ, որպէսզի ուր որ ալ գտնուին հայ ժողովուրդի զաւակները՝ մշտապէս պատասխանատուութիւն զգան Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ապագային համար։

Ուրբաթ, Յուլիս 19, 2019