ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ուղեւորութիւն մը կ՚իրականացնէ դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեղեկատուութեան համակարգը հաղորդեց, որ սա հայրապետական մասնաւոր այցելութիւն մըն է։ Վեհափառ Հայրապետը կեցութեան օրերուն հանդիպումներ կ՚ունենայ թեմական եւ ազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ։

Նորին Սրբութեան ուղեւորութեան ճիշդ նախօրէին, անցեալ շաբաթավերջին, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան անցուցած էր երթեւեկի արկած մը, որու հետեւանքով միջոց մը դարմանման տակ պիտի մնայ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 19, 2022