ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Վրաստանի կրօնի գծով պետական գործակալութեան նախագահ Զազա Վաշաքմածէն, որուն կ՚ընկերանար Հայաստանի կառավարութեան աշխատակազմի Ազգային փոքրամասնութիւններու եւ կրօնի հարցերու բաժնի պետ Վարդան Ասատրեան։ Տեսակցութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին կողքին էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արարողակարգի եւ արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։ Նորին Սրբութիւնը կարեւորեց երկու երկիրներու միջեւ նման փոխադարձ այցելութիւնները, որոնք կը նպաստեն հայ-վրացական բարեկամական կապերու առաւել ամրապնդման ու զարգացման։ Վեհափառ Հայրապետը գնահատանքով արտայայտուեցաւ վրացի իշխանութիւններուն մասին, որոնք առկայ իրավիճակին մէջ զօրակցութիւն կը ցուցաբերեն Հայաստանին, ինչպէս նաեւ միջնորդական ջանքեր կը գործադրեն Ատրպէյճանէն հայ ռազմագերիներու վերադարձին համար։

Վաշաքմածէ զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին նկատառման տեղեկութիւններ յանձնեց՝ Վրաստանի կրօնական խճապատկերին, նաեւ կրօնական կազմակերպութիւններու եւ աւանդական եկեղեցիներու նկատմամբ երկրէն ներս որդեգրուած պետական քաղաքականութեան շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ ան կանգ առաւ նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ վիրահայոց թեմին հետ ձեւաւորուած համագործակցութեան վրայ։

Զրուցակիցները անդրադարձան Վրաստանէ ներս հոգեւոր ժառանգութեան պահպանման, Հայաստանեայց Առաքելական եւ Վրաց Ուղղափառ եկեղեցիներու յարաբերութիւններուն եւ հայ-վրացական կապերու ապագայ ամրապնդման վերաբերեալ հարցերու։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ իր եղբայրական ողջոյններն ու բարեմաղթանքները փոխանցեց համայն Վրաստանի Իլիա Բ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին։

Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց նաեւ Իրաւաբաններու հայկական ընկերակցութեան առընթեր Երիտասարդ առաջնորդներու հակափտածութեան դպրոցի շուրջ երկու տասնեակ ուսանողները։ Խումբը գլխաւորեց Իրաւաբաններու հայկական ընկերակցութեան նախագահ Կարէն Զադոյեան, որ նաեւ յիշեալ դպրոցի հիմնադիրն է։ Իր օրհնութիւնը փոխանցելով երիտասարդներուն, Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ մարդը մեղաւոր ու սխալ ընթացքներէ զերծ պահելու համար կարեւոր են կրթութիւնը, ազգային աւանդութիւններով դաստիարակութիւնը, հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու հաղորդ պահուիլը՝ թէ՛ ընտանիքներու եւ թէ դպրոցներու կամ ուսումնակրթական հաստատութիւններու մէջ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 19, 2023