ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԷՆ ՆԵՐՍ ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆԴԼԱՅՆՈՒԱԾ ԿԱԶՄՈՎ ԺՈՂՈՎԸ

Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս տեղի ունեցաւ տիկնանց միութիւններու կեդրոնական խորհուրդի ընդլայնուած ժողովը։ Պըրպենքի առաջնորդարանի «Համբար» սրահի երդիքին տակ գումարուած նիստը գլխաւորեց Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, որ բացումին հանդէս եկաւ աղօթքով եւ օրհնութեան խօսքով։

Ժողովի գլխաւոր ատենախօսն էր Լիզա Մանուկեան, որ Օքլընտի Ս. Վարդան եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան փոխ-ատենապետուհին է։ Ան ժողովականներու նկատառման յանձնեց վերջին երկու տարիներուն՝ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած դժուարութիւններու մթնոլորտին մէջ տիկնանց միութիւններուն կողմէ իրականացուած պայքարին կապակցութեամբ, երբ մարդիկ կը դիմագրաւեն գործազրկութեան, միայնութեան նման զանազան խնդիրներ։

Ծաւալուած քննարկումներէն վերջ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ Արեւմտեան թեմի տիկնանց միութիւններու կեդրոնական խորհուրդի գործունէութեան շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ ան բարձր գնահատեց Կեդրոնական խորհուրդի ատենապետուհի Կլատիս Սարոյեանի ջանքերը։ Նորին Սրբազնութիւնը դիտել տուաւ, որ տիկնանց կազմերը անսահման նուիրումով եւ յանձնառութեամբ աշխատած են այս դժուարին շրջանին։

Նիստը եզրափակուեցաւ Տէրունական աղօթքով եւ առաջնորդ սրբազան հօր «Պահպանիչ»ով։  

Հինգշաբթի, Օգոստոս 19, 2021