ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ԺՈՂՈՎ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Հայաստանի «Կլոր սեղան» միջեկեղեցական բարեգործական հիմնադրամի տարեվերջի ամփոփիչ ժողովը։ Մայրավանքի համալիրէն ներս, «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որուն նախագահեց եւ ներկաներուն իր օրհնութիւնը փոխանցեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։

Հանդիպումը սկսաւ Տէրունական աղօթքով եւ այս հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեանի ողջոյնի խօսքով։ Ան այս առթիւ կարեւորեց հիմնադրամին կողմէ կեանքի կոչուած զանազան ծրագրերը, որոնց շնորհիւ գաղափարի մը շուրջ կը հաւաքուին եկեղեցիներու եւ զանազան հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները։ Իր խօսքով՝ հիմնադրամը այդ գործունէութիւնով կ՚իրականացնէ Քրիստոսի՝ զիրար սիրելու կարեւորագոյն պատգամը։

Աւելի վերջ հանդէս եկաւ Վեհափառ Հայրապետը, որ փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու պատգամը։ Ան գնահատանքով անդրադարձաւ 22 տարուան այն արգասաւոր գործունէութեան, որ իրականացուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին կողմէ հաստատուած «Կլոր սեղան» հիմնադրամին միջոցաւ։ Այս հիմնադրամը իրականացուցած է եկեղեցիներու եւ զանազան կազմակերպութիւններու հետ համատեղ աշխատանք՝ ծառայելով հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի կարիքներու դիմագրաւման։ Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ ընդգծեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի զանազան կառոյցներու եւ թեմերու հետ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը մասնաւորապէս շեշտեց, որ այս հիմնադրամը կ՚արձագանգէ այն բոլոր խնդիրներուն, որոնք առկայ են հանրային կեանքէ ներս։ Հիմնադրամը կը փորձէ հայ ժողովուրդին օգտակար ծառայութիւն բերել՝ հիմք ունենալով Եկեղեցւոյ հայեացքներն ու դիրքորոշումները։

Աւելի վերջ Նորին Սրբութիւնը մասնաւորապէս առանձնացուց համայնքներու համապարփակ զարգացման ուղղեալ ընկերային եւ կրթական ծրագրերը, տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան վերահաստատման ու ժողովուրդներու միջեւ հաշտութեան ուղղեալ «Հայաստանը եւ հարեւանները» ծրագիրը, ինչպէս նաեւ եկեղեցականներու հովուական առաքելութեան ի նպաստ կազմակերպուած վերապատրաստման ու փորձառութեան փոխանակման դասընթացքները։

Վեհափառ Հայրապետէն վերջ արտայայտուեցաւ նաեւ հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Տքթ. Կարէն Նազարեան։ Աւելի վերջ ներկայացուեցան հաշուետու զեկոյցներ՝ ըստ «Կլոր սեղան»ի գործունէութեան ոլորտներուն։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2019