ԵՐՈՒՍԱՂԵՄԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆԸ ՍՐԲԱԴԱՍՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻՆ ՊԻՏԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԳՐԻԳՈՐ ՊԱՐՈՆՏԷՐ ԵՒ ԳՐԻԳՈՐ ՇՂԹԱՅԱԿԻՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻԵՐՈՒՆ ԱՆՈՒՆՆԵՐԸ

Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց հայոց վանքէն ներս երէկ գումարուեցաւ Միաբանական ընդհանուր ժողով։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի նախագահութեամբ գումարուեցաւ ժողովը, որուն մասնակցեցաւ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան 37 անդամներէն 24-ը։ Պատրիարքարանի խորհրդարանին մէջ առաւօտեան ժամերուն Միաբանական ընդհանուր ժողովի հինգերորդ նիստը բացուեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր աղօթքով։ 

Օրակարգի գործադրութեան շրջագծով նախ ընտրուեցաւ Միաբանական ընդհանուր ժողովին նոր դիւանը՝ երկու տարուան ժամկէտով։ Ատենապետ վերընտրուեցաւ Տ. Բագրատ Վրդ. Պուրճէքեան։ Փոխ-ատենապետ ընտրուեցաւ Տ. Թէոդորոս Վրդ. Զաքարեան։ Ատենադպիր ընտրուեցաւ՝ Տ. Գէորգ Աբեղայ Հայրապետեան, իսկ փոխ-ատենադպիր՝ Տ. Ներսեհ Աբեղայ Ալոյեան։ 

Գաղտնի քուէարկութեամբ քուէներու բացարձակ մեծամասնութիւնով տնօրէն ժողովի անդամ ընտրուեցան Տ. Արիս Արք. Շիրվանեան, Տ. Սամուէլ Ծ. Վրդ. Աղոյեան եւ Տ. Աւետիս Վրդ. Իփրաճեան։ 

Միաբանական ընդհանուր ժողովը նկատի առաւ կալուածներու վերաբերեալ հարց մը, որու կապակցութեամբ կալուածոց տեսուչին կողմէ խորհրդարան հրաւիրուած էր վանքին փաստաբանը, որ տուաւ շարք մը բացատրութիւններ եւ պատասխանեց միաբաններու հարցումներուն։ 

Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամները քննարկեցին նաեւ սրբադասման վերաբերեալ առաջարկներ։ Երուսաղէմի Ս. Աթոռի դիւանին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, Տնօրէն ժողովը նախօրօք նշանակած էր արդէն Տ. Շնորհք Աբեղայ Պալոյեանը՝ որպէսզի Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը ներկայացնէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Սրբադասման յանձնախումբի ժողովներուն ընթացքին։ Միաբանական ընդհանուր ժողովի վերջին նիստին ընթացքին յանձնարարուեցաւ, որ Հայր Սուրբը իր կողքին ունենալով մասնագէտներու ստուար խումբ մը, ուսումնասիրէ Գրիգոր Պարոնտէր եւ Գրիգոր Շղթայակիր երջանկայիշատակ պատրիարքներու կեանքն ու գործունէութիւնը՝ յառաջիկային Սրբադասման յանձնախումբին ներկայացնելու համար։ 

Ժողովը եզրափակուեցաւ Նորին Ամենապատուութեան աղօթքով։  

 

Երեքշաբթի, Փետրուար 2, 2016