«ՊԱՀՔ՝ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՓԱՌՔԻՆ ՀԱՄԱՐ»

Պօղոս Ադրիանապոլսեցի Պատրիարքը հետաքրքական մտածում մը ունի պահքի մասին. «Պահքը, -կ՚ըսէ- միայն Աստուծոյ փառքին համար պէտք է ըլլայ»: Մեծ պահքի երրորդ օրն է արդէն: Մեզմէ շատեր պահք կը պահեն, շատեր ալ չեն պահեր: Պահողները իրենց դրդապատճառները ունին, չպահողներ ալ իրենց «արդարացումները»: Չպահողներու «արդարացում»ներու մասին պիտի չխօսիմ, այլ՝ պահողներու դրդապատճառներուն:

Պահեցողները կրնանք մի քանի խումբի բաժնել, այսպէս.

ա) Պահք պահելու սիրոյն պահք պահողներ:

բ) Պարտադրաբար պահք պահողներ:

գ) Առ երեւոյթ պահք պահողներ:

դ) Յատուկ սննդակարգի (diet) համար պահք պահողներ:

ե) Աստուծոյ փառքին համար պահք պահողներ:

ա) Այս խումբին մաս կը կազմեն բոլոր անոնք, որոնք պահքին կը նային որպէս պարտականութիւն մը, աւելի ճիշդ պարտաւորութիւն մը, որ բնականաբար ո՛չ մէկ արդիւնք կրնայ տալ: Այս խումբին պատկանողները թէեւ պահք կը պահեն, սակայն չեն հրաժարիր իրենց վատ սովորութիւններէն, ինչպէս օրինակ՝ սուտ խօսիլ, բամբասել, գողնալ, սպաննել, գինովնալ, ծխել, եւ այլն:

բ) Այս խումբին կը պատկանին անոնք, որոնք ստիպողական կերպով պահք կը պահեն: Այսինքն՝ կամ մէկը պարտադրած է անոնց (խօսքը չի՛ վերաբերիր խոստովանահայրերուն, որոնք յատուկ նպատակի մը համար կրնան պահք կամ ծոմ սահմանած ըլլալ՝ տուեալ անձի հոգիին շինութեան համար) եւ կամ իրենք զիրենք պարտադրած են պահք պահել որեւէ մէկ նպատակի համար, որ երբեք կապ չունի պահքի բուն իմաստին ու նպատակին հետ: Բնականաբար ուր պարտադրանք կայ, այնտեղ կամաւոր ընթացք չկայ եւ երբ կամաւոր ընթացք չկայ, ապա դրական արդիւնք ալ չի՛ կրնար ըլլալ:

գ) Այս խումբին կը պատկանին բոլոր անոնք, որոնք մարդոց աչքին միայն պահք կը պահեն, մինչ երբ առանձին կը մնան լաւապէս կ՚ուտեն, կը խմեն եւ քէֆ կ՚ընեն...: Այս ուտել-խմելն ու քէֆ ընելը կը վերաբերի նաեւ մարդուն հոգեւոր աշխարհին, որովհետեւ շատեր հոգեւորականներուն կամ իրենց շրջապատին կը ներկայանան իբր թէ պահք պահած են, բայց երբ կ՚առանձնանան, կ՚ուտեն-մեղք կը գործեն, կը խմեն-Աստուծոյ կը հակառակին, քէֆ կ՚ընեն-սատանան կ՚ուրախացնեն: Չմոռնանք, մարդիկը կարելի է խաբել, բայց զԱստուած՝ երբե՛ք:

դ) Այս խումբին կը պատկանին բոլոր անոնք, որոնք ամբողջ տարին «անհամբեր» կը սպասեն Մեծ պահքի շրջանին, որպէսզի «պահք» պահեն: Այս խումբին պատկանողները իրենց մէջ կը պարունակեն վերի երեք խումբերուն յատկութիւնները՝ պարտականութիւն, պարտադրանք, եւ առ երեւոյթ: Պարտականութիւն այն առումով, որ քիչ մը կը նիհարնան, տեսքի կու գան յատուկ սննդակարգի հետեւելով: Պարտադրանք այն առումով, որ ամբողջ տարուան ընթացքին զեխութեամբ ապրելէ ետք, այս ժամանակահատուածին կը ստիպեն իրենք զիրենք որոշ ընթացքի մը համար «զուսպ» ապրիլ: Առ երեւոյթ այն առումով, ցոյց տալու համար իրենց շրջապատին, թէ իրենք «հաւատացեալ», «բարեպաշտ» եւ «պահեցող» են: Բնականաբար այս խումբին պատկանողներն ալ դրական արդիւնքի մը չեն կրնար հասնիլ, ընդհակառակը շատ աւելի կը խորացնեն իրենց վէրքերը:

ե) Այս խումբին կը պատկանին ճշմարիտ պահեցողները, այլ խօսքով՝ Աստուծոյ փառքին համար պահք պահողները: Ի՞նչ կը հասկնանք սակայն «պահքը միայն Աստուծոյ փառքին համար պէտք է ըլլայ» ըսելով: Այն՝ որ մեր պահեցողութեամբ պէտք է այնպէս ապրինք, որ մեզմով Աստուած փառաւորուի:

Ինչպէ՞ս մեր պահեցողութեամբ Աստուած կը փառաւորուի.

1) Երբ մենք այս ընթացքին (եւ տարուայ իւրաքանչիւր օր) կը պայքարինք մեր մէջ բոյն դրած մեղքերուն դէմ եւ կը յաջողինք Աստուծոյ օգնութեամբ ձերբազատուիլ ատոնցմէ, չարին վրայ յաղթանակ տանելով:

2) Երբ մեր պահեցողութեան ընթացքին չենք մոռնար կարօտեալները, բանտարկեալները, հիւանդները եւ այցի կ՚երթանք անոնց, որ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ սիրոյ արտայայտութին, ատով՝ Աստուած կը փառաւորուի: Յիշեցէք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի սա խօսքը. «Ձեր իրար սիրելով է որ մարդիկ պիտի գիտնան, թէ դուք Իմ աշակերտներս էք» (Յհ 13.35):

3) Երբ մեր պահեցողութեան ընթացքին ողորմութիւնը-բարեգործութիւնը անբաժան ըլլայ մեզմէ եւ մարդիկ այդ ողորմութիւններուն-բարեգործութիւններուն միջոցով զԱստուած կ՚օրհնեն ու կը փառաբանեն:

4) Երբ մեր պահեցողութեան ընթացքը ամբողջութեամբ կ՚անցընենք Աստուածաշունչ կարդալով, աղօթելով, զԱստուած օրհնաբանելով, ապաշխարելով, մեղքերու թողութիւն խնդրելով եւ Աստուածահաճոյ կեանք ապրելով:

Երրորդ օրուան մարտահրաւէր. Ո՞ր խումբին կը պատկանինք մենք: Եթէ առաջին չորս խումբերէն մէկուն մէջ ենք, հետեւաբար մեր մարտահրաւէրը պիտի ըլլայ ամէն կերպով պահեցողութեան այս ժամանակամիջոցին ազատուիլ այդ գերութենէն եւ անդամակցիլ՝ մաս կազմել (ե) խումբին, որպէսզի զԱստուած փառաբանող ըլլանք եւ ո՛չ թէ զԱստուած անարգող:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Մարտ 2, 2022