ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԸ ԹԱԿԵՑ ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ԴՈՒՌԸ

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ՝ ՆՈՐԱԲԱՑԻ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Բարեկենդանը պիտի դիմաւորէինք Մասեացոտնի թեմի սահմաններէն ներս Նորաբացի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Փոքրիկ գիւղական եկեղեցի մը ըլլալով հանդերձ, իր համալիրով յատկապէս սիրուն երեւոյթ մը ունի այս եկեղեցին։ Եկեղեցւոյ մուտքին կը գտնուի կամարաձեւ դուռ մը, որուն վրայ յիշատակուած է եկեղեցւոյ անունը։ Քիչ մը ուղղուելէ յետոյ ձեր դիմացը կանգնած կը գտնէք պատի վրայ փորագրուած Քրիստոս Թագաւորի եւ տասներկու առաքեալներու պատկերը, իսկ անոնց առջեւ կը գտնուի նաեւ խաչքար։ Պարտէզին անկիւնը կառուցուած է նաեւ երիցատուն մը, որ կը գործածուի որպէս բանկալ, սրահ եւ քահանայից սենեակ։

Յաջորդիւ արդէն իսկ պատրաստ կը դառնաք Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն ներս մտնելու։ Փոքր մատուռ մըն է եկեղեցին, որ ունի կաթողիկէով զանգակատուն մը. բան մը որ հեռուներէն կը տեսնուի գիւղին մէջ։ Իսկ արտաքնապէս գեղեցիկ երեւոյթ կը պարզէ եկեղեցւոյ փայտեայ դուռն ու պատերուն վերեւի ապակեայ սրբապատկերները, ինչպէս նաեւ դրան վերեւ աշխատուած Յիսուսի եւ Մարիամ Աստուածամօր պատկերները։ Երբ ներս կը մտնէք, արդէն իսկ եկեղեցւոյ փոքրիկ սակայն բարձր խորանը տեսանելի կը դառնայ։ Խորանի աստիճաններուն երկու կողմերը կը գտնուին սենեակներ, որոնք կը գործածուին որպէս սարկաւագատուն։ Եկեղեցւոյ աջակողմեան խորշին մէջ կառուցուած է մկրտութեան աւազանը, իսկ ձախակողմեան խորշը կ՚օգտագործեն երգչախումբի անդամները։

Պատմականօրէն վաղ անցեալ չունի եկեղեցին, որուն գործունէութիւնը կը շարունակէ հազիւ եօթ տարիէ ի վեր։ 2014-ին կառուցուած եկեղեցին ընծայուած է Ս. Աստուածածնի եւ մինչեւ այսօր գիւղի հոգեւոր կարիքներուն կը պատասխանէ։ Այդ շրջանէն սկսեալ հոգեւոր հովիւն է Տ. Մարտիրոս Քահանան, իսկ ներկայիս եկեղեցւոյ վրայ նշանակուած է նաեւ Պոլիսէն ծանօթ Տ. Թէոդիկ Քահանան։

Մեծ պահոց դրները ահա թակել պիտի սկսէինք այս եկեղեցւոյ մէջ։ Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ արդէն իսկ Մայր Աթոռէն հասած էի Նորաբաց եւ կը պատրաստուէի արարողութեան մասնակցելու։ Ս. Պատարագը պիտի մատուցանէր Տ. Թէոդիկը եւ ես ալ թոյլտուութեամբ առաջնորդ Գէորգ Սրբազան Հօր պիտի քարոզէի։ Փակ խորանի առջեւ պէտք է կատարուին բոլոր արարողութիւնները, ըստ մեր եկեղեցւոյ աւանդութեան։ Առ այդ, եկեղեցւոյ երեք դպրուհիներուն հետ միատեղ Ս. Պատարագի երգեցողութիւններուն եւս պիտի մասնակցէի եւ պիտի ջանայի ձայնիւ քաղցրութեամբ զԱստուած փառաբանելու։ Նկատի ունենալով Բարեկենդանը, մեր շրջակայքը կը գտնուէին սեղաններու վրայ տեղադրուած զանազան սննդեղէններ, որոնք կը կոչուին «բարութիւն» եւ պիտի օրհնուին յընթացս արարողութեան։ Իսկ, արարողութեան աւարտին առիթ ընծայուեցաւ, որ օրուան խորհուրդին մասին պատգամեմ ներկաներուն։

ՔԱՐՈԶ՝ ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ

«Աստուած տեսաւ որ բարի են» (Ծնդ. 1.10)

Փառք Աստուծոյ, որ հասած ենք Մեծ պահոց շրջանին եւ որպէս առաջին հանգրուան Բարեկենդանը կը տօնէ մեր եկեղեցին։

Եկեղեցւոյ օրացոյցը այնպէս մը կարգաւորուած է, որ մենք ուրախութեամբ դիմաւորենք Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան առաջնորդող այս շրջանը։ Ուրախութեամբ ու խնջոյքով սկսի՛նք մեր ճանապարհորդութեան եւ այս բոլորին մէջ բազմապիսի զուարճութիւններուն մէջ իմանա՛նք, թէ ինչպիսի հոգեւոր ուրախութիւն մը կը սպասէ մեզի Ս. Զատկի պատրաստութեան շրջանին։

Այս տօնը կոչուած է Բարեկենդան, որուն բառացի իմաստը նախ պէտք է իմանալ։ Ի՞նչ կը նշանակէ բարեկենդան։ Բարդ բառ մը կազմուած՝ երկու բառերէ, որոնք են «բարի» եւ «կեանք»։ Ուրեմն այս երկու բառերը, առաջին հերթին առընչուած են ո՛չ թէ մարդկային իրականութեան հետ, այլ բառեր՝ ուղղակիօրէն Աստուծոյ հետ սերտացած։ Աստուծոյ անուններն եւ ածականներն են, բարին ու կեանքը։

ԱՍՏՈՒԱԾ ԲԱՐԻ Է

Առաջին բառ՝ «բարի»։ Աստուած բարութեան գագաթնակէտն է։ Եթէ բարութեան հետ առընչուած ոեւէ բան մը կը տեսնենք բնութեան մէջ, մեր կեանքին մէջ, սա կը նշանակէ, որ Աստուծոյ ներկայութիւնը կը ճառագայթէ, քանզի բարութիւնը հաւասար է Աստուած։

Այս ուղղութեամբ Ծննդոց գիրքին մէջ, Աստուածաշունչին տակաւին առաջին տողերէն սկսեալ կը կարդանք ստեղծագործութեան մասին, հիանալի ձեւով մեր առջեւ կը սփռուի բարութեան շեշտադրումը։ Աստուած կը ստեղծէ եւ յաջորդաբար կը շարունակէ. «Աստուած տեսաւ որ բարի են» (Ծնդ. 1.10)։ Տակաւին առաջին տողերէն կը տեսնենք, թէ Աստուած կը ստեղծէ բարի արարածներ, վասնզի Ինք բարութեամբ լի է։ Եւ երբ Աստուած կը տեսնէ, որ իր ստեղծածները բարի են, իր Աստուածային սէրն ու ջերմեռանդութիւնը աւելի զգալի կը դառնայ բարի ամէն ինչի մէջ։ Հետեւաբար, Բարեկենդանը առաջին հերթին այս մէկը կը յիշեցնէ մեզի։ Այսինքն բարութիւնը գեղեցիկ է, լաւ է, որովհետեւ Աստուածային է։

Իսկ այս տիեզերքին մէջ, մենք որ սխալական ենք, մեղաւոր ենք կամայ եւ ակամայ, արժանացած ենք շատ մեծ բարութեան մը, որ այս աշխարհի ո՛չ մէկ զօրութիւնը այդ մէկը մեզի կրնայ շնորհել։ Ի՞նչ է այդ մէկը, եթէ ո՛չ Քրիստոսով նոր եւ թարմ կեանքի արժանացած ըլլալը։ Այս աշխարհի վրայ ամենէն մեծ բարութիւնը կատարած է մեր Փրկիչը։ Այնպիսի բարութիւն մը, որ մեր մեղքերը սրբելու տենչանքով լի է։ Այնպիսի բարութիւն մը, որ խաւարով մեռած բնութեան կեանք կը շնորհէ։ Այնպիսի մեծ բարութիւն մը, որ մեր մեղքերուն փոխարէն Ս. Խաչի վրայ կը բարձրանայ, կը չարչարուի, կը խաչուի։ Հետեւաբար լաւագոյն բարութեան օրինակը Քրիստոսի ներկայութիւնն ու սէրն է, քրիստոնեայ հաւատացեալի կեանքէն ներս։

Երբ հարց կու տանք Աստուծոյ ըսելով, թէ «Ո՜վ Աստուած կեանքիս մէջ ինչպիսի բարութիւններ ունիս։ Ով Տէր, քեզի կ՚աղօթեմ սակայն կեանքիս մէջ անբաղձալի յուզումներ ներկայ եղած են, հետեւաբար ո՞ւր է քու բարութիւնդ եւ սէրդ։ Ինչո՞ւ ես տկար եմ եւ նեղուած»։ Նախ պէտք է ի մտի ունենաք, թէ Աստուած մեծագոյն բարութիւնը, տակաւին մենք նոյնիսկ չծնած կատարած է հաւատացեալներուս աւելի քան երկու հազար տարիներ առաջ՝ Բեթղեհէմի մէջ սկսած եւ մինչեւ Գողգոթա երկարած ճանապարհով։

ՍԱ Է ԿԵԱՆՔ

Իսկ Բարեկենդանի երկրորդ բառը՝ «կեանք»։ Որքա՜ն գեղեցիկ բառ է երբ ներկայիս մահու լուրեր կը շրջապատեն մեզ եւ աւելի արժէքաւոր բառի մը կը վերածուի ան։ Մարդ արարածը իր կեանքը վայրկեան մը երկարելու համար ինչպիսի մեծ զոհողութիւններ յանձն կ՚առնէ երբեմն։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը հիւանդութեան պարագային յատկապէս քիչ մը աւելի երկար ու լաւ ապրելու համար, կեանք մը փրկելու համար ինչ չընէր։ Որովհետեւ կեանքը մեզի տրուած մեծագոյն արժէքն ու գանձն է։

Յիշե՛նք, որ այդ կեանքին մէջ Աստուած ներկայ է։ Քրիստոնէացեալ մեր կեանքերուն մէջ ներկայ է Ճշմարիտ Աստուածը՝ Յիսուս Քրիստոս։ Իր Աստուածային ներկայութիւնը միշտ կը շեշտէ, կը դրդէ, որպէսզի մենք մեր կեանքը պահելու կամքը ունենանք։ Չմոռնանք, որ Աստուած Հին Կտակարանին մէջ ինքզինք կեանքով բնութագրեց։ Մովսէս մարգարէն ժողովուրդին երթալէ առաջ հարցուց Աստուծոյ. «Երբ ես երթամ Իսրայէլի որդիներուն եւ ըսեմ անոնց՝ “Ձեր հայրերուն Աստուածը զիս ձեզի ղրկեց” եւ երբ ըսեն ինծի թէ՝ “ի՞նչ է անոր անունը”, ի՞նչ ըսեմ անոնց» (Ելց. 3.13)։ Աստուածային ձայնը պատասխանեց Մովսէսին ըսելով՝ «Ես եմ ՈՐ ԷՆ» (Ելց. 3.14)։ Այսինքն Ես եմ, որ գոյութիւն ունիմ, կեանք ունիմ։

Հետեւաբար Աստուած ինքզինք կեանքի անունով կը ներկայացնէ։ Կեանքի ջերմեռանդութեամբ անկեղծօրէն կը սփռէ Աստուած Իր իսկ ներկայութիւնը։ Ուստի կեանքը թանկագին է, իսկ մարմնաւոր էակներուս՝ մարդկութեան խրատ կու տայ Քրիստոս. Մարմինդ կեանքդ ազատելու համար, լաւ ու առողջ պահելու համար ջանք կը վատնես, սակայն քու հոգիդ փրկելու համար եւս ջանասէր եղիր։ Հոգիդ մեղքէն հեռու պահելու եւ կեանքի աղբիւրը հանդիսացող Քրիստոսին միացնելու համար ջանք թափէ, աշխատէ։

ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ԴՐԱՆ ՍԵՄԻՆ

Ուստի արարողութիւնը որ կը կոչուի Բարեկենդան, ահա պարզ ձեւվ այս բոլորը կը յիշեցնէ բոլորիս։ Մենք Բարեկենդանով պիտի սկսինք քառասնօրեայ շրջանի մը, որ «Մեծ պահք» կը կոչուի։ Այս շրջանի մուտքին եկեղեցին մեզի կը յիշեցնէ, ըսելով. Ս. Գիրքը բացէ՛ք, Ծննդոց գրքէն սկսեալ կարդալ սկսեցէ՛ք եւ Ծննդոց գրքին մէջ արդէն իսկ պիտի տեսնէք Բարեկենդանն ու դրախտային կեանքը, ուր ամէն ինչի աւարտին մարդը ստեղծուեցաւ Հայր Աստուած, Որդին Աստուած եւ Հոգին Աստուած, անբաժանելի եւ մի Աստուածութեան շնորհիւ ու Բարի կեանքով ուղարկուեցաւ դրախտային կեանքին, սակայն մարդն է, որ հեռացաւ այդ սուրբ բնակարանէն։

Իսկ մենք այսօր բարութիւնը, կեանքը, տօնական երջանկութեան մէջ կը գտնենք, սակայն պէտք է վերյիշենք, որ կեանքը միշտ երջանկութեամբ, խաղաղութեամբ, հանգստութեամբ լի կեանք մը չէ։ Հետեւաբար Մեծ պահոց շրջանը երբ կը սկսի Բարեկենդանով, նաեւ պիտի շարունակուի ապաշխարութեան խորհուրդով, պահեցողութեամբ, բարեգործութեամբ լի օրերով, որոնց մէջ լսելի պիտի դառնայ «Մեղայ Աստուծոյ» գոչումը։

Այսօր աւելի լուսաւոր է ամէն տեղ եւ յատկապէս մեր եկեղեցին, հանդերձ իր արարողակարգով ու աւելի ճոխ մշակութային գործունէութիւններով։ Սակայն քառասնօրեայ շրջանի ընթացքին տակաւ առ տակաւ պիտի դանդաղանայ ամէն ինչ եւ շրջան մը կանգ պիտի առնէ այդ բոլորը։ Որովհետեւ Բարեկենդանով պիտի սկսինք ճանապարհին, դրախտային կեանքի խորհուրդով եւ պիտի տեսնենք այն մեծ թշնամին՝ որ կը կոչուի սատանայ։ Պիտի խորհրդածենք այն իրականութեան մասին, թէ չարը ինչպէս կը հեռացնէ մեզ Աստուծմէ, մեծ կոչեցեալ մեծ զէնքով։ Իսկ այս բոլորին մէջ պիտի վայելենք նաեւ Աստուծոյ գուրգուրանքը, մերթ արցունքով, մերթ պահեցողութեամբ, մերթ մեր կեանքը խոնարհեցնելով առաջի Աստուծոյ ու պիտի ընթանանք, որպէսզի մաքրուած ու սրբուած ձեւով արժանանանք Ս. Յարութեան բարեկենդանին։

ԲԱՐԵՄԱՂԹԱՆՔ

Այս աղօթքի մթնոլորտին մէջ, եկէ՛ք միասնաբար մեր ձեռքերը բարձրացուցած, լաւագոյնս աղօթենք մեր Աստուծոյն՝ որ բարի է եւ կեանքով լի։ Ո՜վ Տէր, չարութեամբ լի, պատերազմներով, հիւանդութիւններով, պէս պէս փորձութիւններով խառն այս աշխարհին մէջ, Քու բարութիւնդ ճառագայթէ մեր վրայ։  Բարութեամբ պարուրուինք եւ բարութիւնդ զգանք, վայելենք լոյսի ներկայութեան քաղցրութիւնը, զգանք բարութեան օրհնութիւնը եւ մեր հոգեւոր մխիթարութիւնը գտնենք առաջի Աստուծոյ։ Այս մէկը իսկ բաւ է, որ անշահախնդիր հաւատքով մեր ձեռքերը անկեղծօրէն բարձրացնենք։

Հետեւաբար, ճանապարհորդութիւն մը կը սկսի, որուն ընթացքին լսե՛նք կեանքի աղբիւր՝ Յիսուս Քրիստոսին, որ տարբեր առակներով, հրաշքներով, խորհուրդներով միշտ մեր կեանքին մէջ տեղ գրաւելու փափաքը ունի։ Իսկ հուսկ, մաղթանքս այն է, որ Քրիստոսին տրամադրուած տեղը ըլլայ մեր գլխուն գագաթնակէտը, սրտին ամենէն բարձր մակարդակը, որպէսզի Ան Աստուածային զօրութեամբ դառնայ օգնական, ապաւէն եւ զօրավիգ։ Անձնապէս տկար կրնանք ըլլալ, սակայն մէկ հոգի տկար է առանձինն, իսկ մէկ հոգի զօրաւոր է Քրիստոսով։ Այս շրջանին իր զօրութիւնը աղերսենք ու աղօթքը մնայուն ներկայութիւն ըլլայ մեր կեանքերուն մէջ, անկեղծօրէն Աստուծոյ մօտեցողներուս։

ԱՂՕԹԵՆՔ ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱՐ

Քանի որ եկած եմ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութենէն, կը խնդեմ, որ ձեր աղօթքներուն մէջ յիշատակէ՛ք Պոլիս քաղաքը, Պատրիարքական Աթոռը եւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրն ու քաղաքիս հոգեւոր սպասաւորները։ Իսկ այս բոլորին ներքեւ, քանի որ կը գտնուինք ի Հայաստան, յատկապէս աղօթքի կը հրաւիրեմ բոլորդ, որպէսզի ձեր աղօթքներուն մէջ յիշատակէ՛ք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, Ազգիս Վեհափառ Հայրապետը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, ձեր հոգեւոր հայրերը՝ սրբազան եպիսկոպոսները, վարդապետները, քահանաներն ու սարկաւագները։ Որովհետեւ անոնք են, որ մեզ այս եկեղեցիին մէջ կը պահեն, անոնք են, որ մեզի կը յիշեցնեն ու կը բացատրեն Քրիստոսի Խօսքը եւ անոնց ներկայութիւնը հաւաստիքն է, որ մենք որպէս Հայ Եկեղեցւոյ անդամներ կրնանք հոգեւոր ճանապարհորդութեան շարունակել, մեր հարուստ արարողակարգով ու մշակոյթով ընդ հովանեաւ մեր եկեղեցւոյ։ Տիրոջ ողորմութիւնը բոլորիս հետ ըլլայ։ Այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն։    

ՈՍՏԱՆ ԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԽԱՉԵՐԹ

Առաւօտեան Ս. Պատարագին յաջորդող ժամերուն որպէս մասնակից հիւր ուղղուեցայ դէպի Ոստան գիւղ, որուն եկեղեցւոյ մէջ Ս. Սարգիսի տօնին Ս. Պատարագ մատուցած էի։ Պոլսոյ մէջ Բարեկենդանի տօնին, շատ ատեններ վարժուած ենք դիմակահանդէսներ կազմակերպել եւ երաժշտութեամբ զուարճանալ մեր բարեկամներով։ Ինչպէս մոռնալ երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի կողմէ կազմակերպուած Բարեկենդանի խրախճանքները, որոնց ընթացքին յատկապէս երիտասարդներ միատեղուելու եւ զուարճանալու առիթը կը գտնէին։

Իսկ Հայաստանի մէջ չկար դիմակահանդէս, սակայն կար աւելի տարբեր ոգեւորութիւն մը, որուն մէջ հայեցի մշակոյթի եւ զուարճութեան ոճը կը բուրէր։  Գիւղի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ այցելու հովիւ՝ Տէր Միքայէլի կազմակերպութեամբ Բարեկանդանի առթիւ շրջանի Հայորդեաց տուներու աշակերտներու եւս մասնակցութեամբ տեղի պիտի ունենար Բարեկենդանի Խաչերթ, որ պիտի սկսէր գիւղի մուտքին գտնուող հսկայ խաչէն ու իր աւարտին պիտի հասնէր Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ։ 

Հայորդեաց տան աշակերտները ի ձեռին ունենալով թմբուկներ, իրենց տնօրէնին եւ պատասխանատուներուն առաջնորդութեամբ պատրաստ էին խաչերթի։ Մենք եւս ուխտաւորաբար Մրգաւանէ եկած պատանիներով ու չափահասներով կը միանայինք խաչերթի։ Ս. Խաչի նշանին առջեւ տէր հօր հետ միատեղ բարձրաձայն արտասանեցինք «Հայր մեր»ը, որմէ յետոյ «Տէր ուղղեա» աղօթքը եւս արտասանելով ուղղուեցանք դէպի ճանապարհ։

Յաջորդիւ արդէն թմբկահար մանուկներ սկսան կանոնաւոր կշռոյթներով ձայն արձակել։ Մօտաւորապէս 1 քմ. իրենց հետ քալեցինք ես եւ տէր հայրը, մեր ետին ունենալով ուխտաւորները եւ միասնաբար օրհնութիւն արձակեցինք մեր շրջակայքին։ Գիւղէ ներս արտասովոր երեւոյթ մըն էր այս մէկը եւ բոլոր գիւղացիք իրենց նայուածքը կը սեւեռէին դէպի մեզ։ Ոմանք չէին հասկցած, թէ ինչ կը պատահէր, իսկ ոմանք ալ կը սկսէին մեզի միանալ ու ուղղուիլ դէպի եկեղեցի։ Գիւղի եկեղեցին նորոգութեան կարիք ունենալուն, երկար տարիներ դժուարացած էր գիւղի մէջ հոգեւոր կեանք ստեղծելու եւ այս հանդիսութիւնը առիթ կը դառնար, որ գիւղացիներու ուշադրութիւնը կեդրոնանար դէպի եկեղեցի։

Երբ հասանք Ս. Սարգիս եկեղեցին, բակին մէջ հաւաքուեցանք բոլորս եւ մանուկներ իրենց ձեռքերու մէջ բռնած թուղթերէն արտասանեցին Բարեկենդանի մասին գիտելիքներ։ Փոքրիկ բեմադրութիւն մը անգամ պատրաստած էին անոնք։ Իսկ մշակութային հանդիսութեան գագաթնակէտը պիտի ըլլար պարելու բաժինը, որու ընթացքին շուրջպարի շրջանակը պիտի ընդարձակուէր ու ներկաները պիտի ոգեւորուէին։ Ներկաներ հայկական երգի ընկերակցութեամբ կը պարէին ձեռք ձեռքի տուած, ի նշան եղբայրսիրութեան։ Յայտագիրը կարճ կրնար համարուիլ, սակայն իր ազդեցութիւնը թողուց բոլորիս վրայ, որմէ յետոյ տէր հայրը օրուան մասին խրատական մը խօսելէ յետոյ ներկաները հրաւիրեց Ս. Սարգիս եկեղեցի, որուն մէջ բարեզարդման աշխատութիւնները կը շարունակուէին։

Այստեղ տէր հօր հետ միատեղ արտասանեցինք մեր ուխտի աղօթքը, սակայն ամենէն տպաւորիչ բաժինն էր միատեղ երգուած «Փառք Քեզ Տէր Աստուած մեր» մաղթանքը, որուն երգեցողութիւնը առաւել եւս սրտայոյզ կը դառնար քայքայուած սակայն նոյնքան լսողականի տէր եկեղեցւոյ մէջ։ Աղօթքի բառերը երգեցողութեան մէջ այնքան ազդու կը դառնային, որ փառք կու տային մօտաւորապէս մէկ ժամուայ այս միջոցառումին համար։ Այս մէկը առիթ էր, որ փառք տայինք վերանորոգութեան ընթացքի մէջ եկեղեցին տեսնելով։ Տակաւին երեք շաբաթներու մէջ արդէն իսկ եկեղեցին աւելի լաւացած էր եւ ըստ երեւոյթի կարճ ժամանակի մէջ որպէս բարեզարդեալ եկեղեցի ներդրում պիտի ունենար ոստանցիներուն։

Արարողութեան աւարտին Ս. Խաչով օրհնեցինք ժողովուրդը եւ բարեմաղթական փոքր խօսք մը ուղղեցի բոլորին, յիշեցնելով, որ մեր եկեղեցիները Ս. Գրական Դրախտը պատկերացնող վայրեր են եւ գիւղացիք բախտաւոր պէտք է զգան ունենալով եկեղեցի մը, որուն բարեզարդման աշխատութիւնները լաւ ձեւով կ՚ընթանան։ Այս առթիւ մաղթեցի, որ Մեծ Պպահքի շրջանին թէ՛ նորոգուին հաւատացելոց հոգիները աղօթքով ու բարեպաշտութեամբ եւ թէ՛ եկեղեցին առաւել եւս լաւանայ իր արտաքին տեսքով, արձանացնելով գիւղացիներու գուրգուրանքը։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

28 փետրուար 2022, երկուշաբթի
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին

Չորեքշաբթի, Մարտ 2, 2022