ՓՐԱԿԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՀԵՀԵՄ-Ի ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ

Այս շաբաթավերջին Փրակի մէջ նախատեսուած է Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդաց միութեան (ՀԵՀԵՄ) Եւրոպայի շրջանային համաժողովը։ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, որ նաեւ ՀԵՀԵՄ-ի հոգեւոր առաջնորդն է, պիտի նախագահէ այս համաժողովին եւ բացման խօսքով մը հանդէս պիտի գայ։ Հաւաքին հիւրընկալը պիտի ըլլայ Կեդրոնական Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Տիրան Եպսկ. Պետրոսեան։

Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանը այս կապակցութեամբ հրապարակած է մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, ըստ որու հաւաքի մասնակիցներու շարքին պիտի գտնուին Ռումանիոյ հայոց թեմակալ առաջնորդ Տ. Տաթեւ Եպսկ. Յակոբեան, ՀԵՀԵՄ-ի հոգեւոր տեսուչ ու կեդրոնական գրասենեակի տնօրէն Տ. Թովմա Վրդ. Խաչատուրեան, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայէն, Շուէտէն, Գերմանիայէն, Ռումանիայէն, Պալթեան երկիրներէն, Կեդրոնական Եւրոպայէն հոգեւոր հայրեր եւ պատուիրակներ։

Պըրպենքէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ համաժողովի ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ երիտասարդներու ուղղեալ առաքելութեան աշխուժացման վերաբերեալ զանազան հարցեր։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ կը դարձուին՝ այս ամրան ծրագրուած համահայկական երիտասարդական ուխտագնացութեան կազմակերպչական աշխատանքները։

Չորեքշաբթի, Մարտ 2, 2022