ՄԵՐ ՆԵՐԿԱՅ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Մեծ Պահքի 11-րդ օրն է:

Ներկայիս մեր սովորական պահեցողութիւնը միսէ եւ կենդանական արտադրութիւններէն պարզապէս հրաժարիլն է: Ընդունելի է, որ այս ալ ոմանց համար կարեւոր զրկանքն մըն է, հետեւաբար, ապաշխարութիւն է. սակայն, միւս կողմէ, քանի որ մարդը արտօնութիւն ունի որեւէ ժամանակ եւ ցանկացած քանակութեամբ, բացի վերոյիշեալներէն, գրեթէ ամէն բան ուտելու, պահքը իր ազդեցութիւնը կը կորսնցնէ: Երբ գինին ալ կ՚արտօնուի՝ կենդանական արտադրութիւն չըլլալուն համար, պահեցողութիւնը գրեթէ կը շեղի իր նպատակէն:

Այսօր, հազարաւոր մարդիկ կան, որոնք բուսակեր են, այսինքն՝ անոնց առօրեայ սովորական ուտելիքները մեր «պահոց» կոչուած կերակուրներէն տարբեր չեն, սակայն անոնք երբեք չեն յաւակնիր յայտարարելու, որ բանջարեղէն, ընդեղէն ու մրգեղէն ուտելով՝ բառի կրօնական իմաստով պահեցողութիւն կ՚ընեն. ասիկա անոնց սնուելու սովորական կերպն է:

Արդ, պահքի սկզբունքին, ոգիին ու տառին հակառակ է ցանկացած ժամանակ եւ ցանկացած քանակութեամբ ուտելը՝ ճոխացուած «պահոց» քաղցրաւենիքներով ու համեղ կերակուրներով: Պահեցողութիւնը կերակուրի տեսակի հարց չէ. պահք պահելը «թայինով ապուր» կամ ոսպով «շօրպա», կամ «եահնիներ» ու «եալանճի տոլմաներ» ուտելու մէջ չէ:

Բացի ասկէ, այսօր կեանքը այնպէս դասաւորուած է, որ միշտ չէ, երբ հնարաւոր է «պահոց» կոչուող կերակուրներ գտնել, օրինակ, հասարակաց ճաշարաններէ ներս: Եւ ամէն մարդ չէ, որ միջոց ունի իր պահոց կերակուրները պատրաստելու: Կաթոլիկ պահեցողութիւնը, որ աւելի կերակուրի տեսակի հարց է, քան քանակի, այս իսկ պատճառով այսօր գործնականին մէջ գրեթէ ամբողջութեամբ վերացած է, եւ միայն Աւագ ուրբաթ օրուան պահքը կը պահուի: Այնպէս որ, այսօր նոյնիսկ ցանկացողները դժուարութիւններու կը հանդիպին, մեր սովորական կիրարկութեամբ պահքը պահելու մէջ: Հետեւաբար, ի՞նչ պէտք է ընել: Պահեցողութենէն ի սպառ հրաժարի՞լ, ինչպէս բողոքականները ըրին: Չենք կարծեր: Այս մասին մեր Տիրոջ օրինակն ու ուսուցումը բացայայտ են: Յիսուս ըսաւ, որ աշխարհէն Իր հեռանալէն ետք հետեւորդներն ալ պահեցողութիւն պիտի ընեն (Մտ 9.15: Մր 2.20: Ղկ 5.35): Անոնք, որոնք կրնան պահքի ներկայ սովորական ձեւը կիրարկել ու անոր մէջ հոգեկան ազնիւ գոհացում գտնել ու ոչ թէ ինքնախաբէութիւն, թող շարունակեն այն: Աստուած ընդունելի ընէ անոնց այդ կերպ պահեցողութիւնը: Իսկ անոնք, որոնք գործնականին մէջ չեն կրնար կիրարկել զայն կամ ատկէ հոգեւոր շինութիւն եւ օգուտ չեն կրնար քաղել, բայց միւս կողմէ անպատճառ կը փափաքին ձեւով մը պահեցողութիւն ընել, այդպիսիներուն հետեւեալ թելադրանքները կը տրուին՝ ընտրելու համար ատոնցմէ մէկը կամ միւսը:

1. Օրական մէկ անգամ միայն ուտելով՝ վերակենդանացնել հնագոյն սովորութիւնը, առանց նկատի առնելու կերակուրին տեսակը եւ առանց ճաշը համեղ կերակուրներով չափազանցելու: Այս ձեւը զօրաւոր զրկանք մըն է շատերուն համար, որոնք օրական երեք անգամէն բացի՝ վարժուած են ուզած ատեննին ուտելու:

2. Անոնք, որոնք ֆիզիքական լուրջ պատճառներով եւ իրենց գործի բերումով չեն կրնար գործադրութեան մէջ դնել 24 ժամուան ընթացքին մէկ անգամ միայն ուտելու հնագոյն կանոնը, կրնան երկու կամ առաւելագոյնը երեք անգամ ուտել՝ այնպիսի ուտելիքներէ հրաժարելով յատկապէս՝ որ չափազանց կը սիրեն: Հրաժարիլ մանաւորապէս շաքարեղէններէ, շոքոլայէն եւ քիմքը հաճոյացնող անուշեղէններէն:

3. Պահքի ընթացքին ի սպառ հրաժարիլ ոգելից ըմպելիքներէն եւ անուշեղէնի գործածութենէն՝ միւս կերակուրներէն ցանկացած ատեն չափաւոր ուտելով հանդերձ:

Որեւէ ձեւով պահեցողութիւն ընելու ատեն անհրաժեշտ է հրաժարիլ շարժանկարի սրահ եւ թատրոն երթալէ: Հրաժարիլ՝ պարահանդէսներէն: Հրաժարիլ ամէն տեսակի հաճոյքի վայրերէն: Հրաժարիլ հեռատեսիլով ժամանցի համար պատրաստուած հաղորդումներ կամ ֆիլմեր դիտելէ՝ միւս բոլոր բաներով հանդերձ:

Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան
Հատուածներ՝ «Մեծ պահքի կիրակիներու ոսկէ շղթան, գունագեղ կիրակիներ եւ Հոգեգալուստ» գիրքէն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 1

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մարտ 2, 2023