ՏԻԵԶԵՐԱՆՈՐՈԳ ՀՐԱՇՔ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով եւ հոգեւոր ցնծութեան մթնոլորտի մէջ տօնախմբեց Քրիստոսի Հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տաղաւարը։ Տիեզերանորոգ հրաշքը այս տարի եւս «Քրիստոս յարեաւ» տօնական աւետիսով ողջագուրման առաջնորդեց Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհացրիւ զաւակները։ Տաղաւարի օրով համայն հայութեան ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վրայ, ուր արարողութիւններուն նախագահեց, պատարագեց եւ տաղաւարի պատգամը տուաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։

Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի զանգերը երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն ղօղանջեցին՝ ազդարարելով հայրապետական մեծահանդէս Ս. Պատարագի սկիզբը։ Նորին Սրբութիւնը հայրապետական լրիւ հանդերձանքի մէջ, ամպհովանիի տակ, ծանրաշուք թափօրով մը առաջնորդուեցաւ Մայր Տաճար, ուր մատոյց տաղաւարի Ս. Պատարագը։ Առընթերակայ էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան եւ Մայր Աթոռի վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան։

Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հայաստանի պետական աւագանիէն յառաջատար դէմքեր՝ գլխաւորութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի։ Ներկայ էր նաեւ ընտրեալ-նախագահ Արմէն Սարգսեան։ Բազմաթիւ եպիսկոպոսներ, Մայր Աթոռի միաբաններ, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ, օտարերկրեայ դիւանագէտներ եւ սփիւռքահայ դէմքեր եւս մասնակցութիւն բերին տաղաւարի Ս. Պատարագին։ Ընդհանրապէս մայրավանքի տարածքը Ս. Զատկի օրով ծովածաւալ բազմութիւն մը հիւրընկալեց։ Բոլորն ալ եկած էին ըմբոշխնելու հոգեւոր ցնծութեան մթնոլորտը եւ ստանալու Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը։

Տաղաւարի Ս. Պատարագի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը տուաւ Ս. Զատկի պատգամը՝ ուղղեալ աշխարհացրիւ իր հաւատացեալ ու հաւատարիմ հօտին։ Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութիւնը ուղիղ եթերով սփռեց Նորին Սրբութեան Ս. Զատկի պատգամը։ Համայն հայութեան հոգեւոր ընդհանրական կեդրոնէն ուղղուած տաղաւարի պատգամը ջերմ արձագանգ գտաւ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի զաւականերու սրտին մէջ։ «Կը հայցենք, որ Փրկչի Յարութեան շնորհներով զօրացած՝ մեր զաւակներու ամէն գործ զարթօնք ու լուսաւորութիւն բերէ ազգային մեր կեանքին եւ աստուածաշնորհ պարգեւները հովանի ըլլան մեր ժողովուրդին՝ այսօր եւ միշտ ցնծութեամբ աւետելու. Քրիստոս Յարեաւ ի Մեռելոց», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Մայր Աթոռի «Ալեք եւ Մարի Մանուկեան» գանձատան մէջ տեղի ունեցաւ տաղաւարի պաշտօնական ընդունելութիւն, որու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը Սուրբ Յարութեան տօնին առթիւ վերստին շնորհաւորեց ներկաները՝ փոխանցելով «Քրիստոս Յարեաւ ի Մեռելոց» կենդանարար աւետիսը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 2, 2018