Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ ՀՐԱԺԵՇՏ ԱՌԱՒ ՄՈՆՐԷԱԼԷՆ ԵՒ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼԷ ԱՌԱՋ ԿԸ ՊԱՏԱՐԱԳԷ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ

Պատրիարքական Աթոռի միաբան Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ շուրջ ամիսէ մը ի վեր կը գտնուէր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի թեմէն ներս, շաբաթավերջին հրաժեշտ առաւ Մոնրէալէն։ Իր կեցութեան եզրափակիչ փուլին Թեմակալ առաջնորդ Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեան հնարաւորութիւն ընձեռեց, որպէսզի երիտասարդ միաբանը մասնակցի Մոնրէալի Առաջնորդանիստ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ տարեկան անդամական ժողովին, որու դիւանի ատենապետն էր սփիւռքահայ յայտնի գործիչ Արշաւիր Կէօնճեան։ Նորին սրբազնութիւնը Առաջնորդարանի մէջ առանձնապէս ալ ընդունեց հայր սուրբը, որուն տուաւ իր օրհնութիւնը ու մաղթեց ապագայ յաջողութիւններ։ Թեմակալ առաջնորդը նաեւ եղբայրական ողջոյնները փոխանցեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին։

Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան Մոնրէալէն հրաժեշտ առնելէ վերջ կ՚ուղղուի դէպի Թորոնթօ, ուր այս կիրակի կը պատարագէ տեղւոյն Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ եւ իր մասնակցութեամբ ասուլիս մը կը կազմակերպուի Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին մասին։ Այսպէսով պիտի վերջանայ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի Գանատայի թեմէն ներս կեցութիւնը եւ ան պիտի վերադառնայ քաղաքս։ 

Երեքշաբթի, Մայիս 2, 2023