ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՄԻՒՌՈՆՕՐՀՆԷՔ

Երէկ, Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցաւ Միւռոնօրհնութեան արարողութիւն, որու ընթացքին հոծ թիւով հաւատացեալներու մասնակցութեամբ ստեղծուեցաւ մեծ եռուզեռ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միւռոնօրհնութեան մասնակցեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն եւ Պոլսոյ Պատրիարքութենէն բարձրաստիճան հոգեւորականներ։ Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը հանդիսապետեց արարողութեան, որու ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։ Անթիլիասի Միւռոնօրհնութեան ընթացքին Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը ներկայացուցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան եւ Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ, Պոլսոյ Աթոռն ալ ներկայացուց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Հարկ է նշել, որ Կիլիկեան Աթոռի գահակալը առանձնապէս ալ հիւրընկալեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Պոլսոյ Պատրիարքութեան ներկայացուցիչները, որոնց Միւռոնօրհնութեան մասնակցութեան առթիւ յայտնեց իր ուրախութիւնը եւ անոնց միջոցաւ իր եղբայրական սիրոյ ողջոյնները ուղարկեց Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։ Այս հանդիպման ներկայ էր նաեւ Կիլիկեան Աթոռի միաբաններէն Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այսօր արդէն կը վերադառնայ քաղաքս։

Շաբաթ, Յուլիս 2, 2022