Տ. ԶԱՔԱՐԻԱ ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԲԱՂՈՒՄԵԱՆ ԶԵԿՈՒՑՈՒՄ ՄԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեան վերջերս այցելեց Սթրազպուրկ, Ֆրանսա։ Սթրազպուրկի համալսարանէն ներս ան մասնակցեցաւ 4-րդ դարու ճգնակեաց Աստուածաբան՝ Սուրբ Եւագր Պոնտացիին նուիրուած հայրաբանական միջազգային գիտաժողովի մը։ Կը հաղորդուի, որ այս գիտաժողովին իր մասնակցութիւնը բերած է եւագրագէտներու եզակի խումբ մը, որու անդամներու աշխատանքի հիմնական նիւթը եղած է մի միայն անապատական այս հօր ձգած ժառանգութիւնը, երկերուն թարգմանութիւնները, խմբագրութիւնները, եւ այլն: Գիտաժողովի մասնակիցներուն տեսակէտէ մեծ հետաքրքրութիւն ներկայացուցին նաեւ Պոնտացիի երկերուն հայկական թարգմանութիւններու եւ մեկնութիւններու աւանդութիւնը:

Սթրազպուրկի համալսարանէն ներս Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեան հանդէս եկաւ զեկուցումով մը՝ «Կիրակոս Երզնկացիի Սուրբ Եւագր Պոնտացիի լուծմունքները հայկական աւանդութեան մէջ» վերնագրով: Հայկական մատենագրութեան մէջ Կիրակոս Երզնկացին միակ հեղինակն է, որ բացի Եօթ խորհուրդներուն նուիրուած լուծմունքէն, մեկնած է նաեւ Սուրբ Եւագր Պոնտացիի ամենէն կարեւոր աշխատութիւններէն մէկը՝ Վեց հարիւրակները։

Հարկ է նշել, որ Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեան այս շրջանին աշխատանք կը տանի սոյն նիւթին վրայ։ Կը նախատեսուի նաեւ, որ ապագային լոյս տեսնեն այս նիւթին վերաբերեալ իր կատարած ուսումնասիրութիւններն ու լուծմունքներուն բնագիրները։

Շաբաթ, Յուլիս 2, 2022