ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ «ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ ՁԱՅՆԸ» ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ՃԱՄԲԱՐԻ ԾՐԱԳԻՐԸ ՊՍԱԿՈՒԵՑԱՒ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս ներկայ ամրան շրջանին տեղի ունեցաւ նոր սերունդին ուղղեալ կարեւոր ծրագիր մը։ Այսպէս, թեմը կազմակերպեց «Երեխաներու ձայնը» խորագրեալ ամառնային ճամբար մը, որու եզրափակիչ հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի շրջափակին մէջ։ «Երեխաներու ձայնը» մշակութային կեդրոն մըն է, որ կը գործէ Արեւմտեան թեմի հովանաւորութեան ներքեւ։ Ամառնային ճամբարն ալ կազմակերպուած էր նոյն անունով։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան նախագահեց եզրափակիչ հանդիսութեան, որ անցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Նորին սրբազնութեան կողքին էին Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւ Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեան, թեմի հոգեւորականաց դասէն եկեղեցականներ, ուսուցիչներ, ծնողներ, աշակերտներու հարազատներ եւ հիւրեր։

Յայտագրի գործադրութիւնը սկսաւ Տէրունական աղօթքով։ Ճամբարի տնօրէնուհի Նունէ Մովսէսեան հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Ան այս առթիւ մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց թեմակալ առաջնորդին, որ այս ճամբարը իր հայրական հոգածութեան եւ մշտական խնամքին առարկայ դարձուցած էր։

Յայտագրի տեւողութեան փոքրիկները հանդէս եկան արտասանութիւններով, խմբերգներով եւ այլ զանազան կատարումներով՝ արժանանալով ջերմ ծափողջոյններու։

Հանդէսի աւարտին ելոյթ մը ունեցաւ «Երեխաներու ձայնը» կեդրոնի տնօրէնուհի Սիրվարդ Քաւուքճեան, որ մանրամասն տեղեկութիւններ հաղորդեց այս տարի կեանքի կոչուած ծրագրին շուրջ։ Ան ընդգծեց, որ համաճարակային սահմանափակումներէն վերջ այս տարի ճամբարի կազմակերպումը եղած է կարեւոր եւ առանցքային ձեռքբերում մը։ Կեդրոնի տնօրէնուհին երախտագիտութիւն յայտնեց Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի նկատմամբ՝ միշտ ընդգծելով անոր հայրական վերաբերմունքը։

Հուսկ, թեմակալ առաջնորդը իր պատգամը յղեց ներկաներուն եւ շեշտեց, որ կեանքով լեցուն ամառնային ճամբարը կ՚արտացոլէ երեխաներու հոգիներուն մէջ ամփոփուած աստուածային սէրը։ «Տարակոյս չունինք, թէ դուք՝ սիրելի ծնողներ, այս երեկոյեան առաւել եւս հպարտ զգացիք, որովհետեւ ձեզմէ իւրաքանչիւրի զաւակը Հայաստանի ներկայութիւնը կը խորհրդանշէ իր ներկայութեամբ, մեր մայր երկրի ներկայութիւնը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանաւորութեան ներքեւ», ըսաւ Նորին Սրբազնութիւնը։ Ապա Նորին Սրբազնութիւնը գնահատեց Սիրվարդ Քաւուքճեանի կողմէ տարուած բացառիկ աշխատանքը, նոյնպէս դրուատելով Նունէ Մովսիսեանի եւ իր բոլոր աշխատակիցներուն ջանքերը։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շարունակեց.

«Սիրելի փոքրիկներ, երբ ամէն առաւօտ այստեղ, այս հրապարակին վրայ աղօթք կը կատարէիք, ես յաճախ ձեզի հետ ըլլալով եւ երբեմն ալ իմ սենեակէն լսելով ձեր ձայնը՝ կը զգայի, թէ ինչպէս արշալոյսի առաւօտեան ջերմ արեւը կը լուսաւորէ մեզմէ իւրաքանչիւրի կեանքն ու հոգին։ Սիրելիներս, մեր կեանքի ճանապարհը մշտապէս եղած է պայքարի ճանապարհ, բայց մենք միշտ ալ յաղթած ենք այդ ճանապարհին վրայ, աւելի քան 1700 տարիներու քրիստոնեայ Հայաստանը, ինչպէս Քրիստոսի կեանքի ճանապարհը՝ եղած է յաճախ խաչի ճանապարհ, Գողգոթայի ճանապարհ, տառապանքի ճանապարհ, բայց այդ բոլորով հանդերձ եղած է նաեւ յարութեան եւ յաղթութեան ճանապարհ։ Ուստի, այս երեխաները մեզի համար յաղթանակի ճանապարհը կը խորհրդանշեն։ Մենք բարի սովորութիւն ունեցած ենք մեր երեխաներուն հետ առաւօտուն աղօթք ըսելու։ Սիրելի փոքրիկներ, կ՚ուզեմ ըսել այս պահուն, ինչպէս ամէն առաւօտ, հիմա ալ կրկնէք աղօթքի գեղեցիկ բառերը՝ ձեր ծնողներու եւ աշխարհի խաղաղութեան համար, որպէսզի Աստուած լսէ ձեր աղօթքի ձայնը»։

Պըրպենքի առաջնորդարանի «Գալայճեան» սրահի երդիքին տակ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի կողմէ օրհնութեան եւ գնահատանքի գիրեր ալ յանձնուեցան ճամբարի պատասխանատուներուն։ 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 2, 2021