ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, երէկ երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ տեղի ունեցաւ միաբանական հաւաք մը։ Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ Ս. Պօղոս եւ Ս. Յակովբոս առաքեալներու նամակներէն մէջբերումներով շեշտեց հաւատքին ու հաւատարմութեան առանցքային կարեւորութիւնը մարդկային կեանքէն ներս ու զանոնք կեանքի կոչելու հրամայականը։ «Այս երկու տարածքները մարդու կեանքին սերտօրէն ընդելուզուած են, այլ խօսքով՝ հաւատքը հաւատարմութեամբ ինքզինք կ՚արտայայտէ, իսկ հաւատարմութիւնը նուիրումով ու ծառայութեամբ կը թարգմանուի», ըսաւ ան։

Արամ Ա. Կաթողիկոս հաւաքի ընթացքին անդրադարձաւ Լիբանանի հայութեան դիմագրաւած ներկայ ահաւոր դժուարութիւններուն, որոնց լոյսին տակ շեշտեց համայնքին գործնապէս նեցուկ կանգնելու անհրաժեշտութիւնը։ Այս ծիրէն ներս ան ողջունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերէն ներս ձեռնարկուած հանգանակութիւնը, նաեւ թեմակալ առաջնորդներու ներկայութիւնը, հակառակ համաճարակով պայմանաւորուած առկայ դժուար կացութեան։ Ան յիշեցուց, որ Կիլիկեան Աթոռը միշտ եղած է իր ժողովուրդի կողքին, նոյնիսկ ամենադառն պայմաններուն մէջ, որովհետեւ «ժողովուրդին ծառայելով եկեղեցին կը դառնայ ճշմարտօրէն եկեղեցի»։

Միաբանական հաւաքէն վերջ, Պիքֆայայի վանքին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ սարքուեցաւ ընթրիքի սեղան մը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2021