ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Շուէտի նորանշանակ դեսպան Փաթրիք Սվենսոնը։ Ողջունելով դեսպանը՝ Վեհափառ Հայրապետը արդիւնաւոր առաքելութեան բարեմաղթանքներ յղեց անոր։

Զրոյցի տեւողութեան Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի առջեւ ծառացած արտաքին ու ներքին մարտահրաւէրներուն։ Ան երախտագիտութիւն յայտնեց Շուէտին, ինչպէս նաեւ միջազգային դիւանագիտական առաքելութիւններուն՝ պատերազմի օրերուն եւ յետպատերազմեան ծանր շրջանին Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին ի նպաստ ցուցաբերուած աջակցութեան ու զօրակցութեան համար։ Ի դէմս դեսպանին Վեհափառ Հայրապետը արտայայտեց իր գնահատանքը Շուէտի իշխանութիւններուն՝ երկրի հայ համայնքին նկատմամբ հոգատար վերաբերմունքին, ազգային ու հոգեւոր կեանքով ապրելու հնարաւորութեան ընձեռման համար։ Նորին Սրբութինը ընդգծեց նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պատրաստակամութիւնը՝ զանազան ոլորտներէ ներս Շուէտի դեսպանութեան հետ գործակցելու ուղղութեամբ։

Իր կարգին, դեսպան Փաթրիք Սվենսոն Վեհափառ Հայրապետին շնորհաւորութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար։ Բաց աստի, ան յոյս յայտնեց, թէ հայ ժողովուրդը կը կարողանայ յաղթահարել պատերազմէն յետոյ իր առջեւ ծառացած բոլոր դժուարութիւնները։ Ան ընդգծեց նաեւ, որ մեծապէս տպաւորուած է Հայաստանով եւ հայ ժողովուրդի հիւրընկալութիւնով։ Փաթրիք Սվենսոն հաւաստիացուց, որ դեսպանութիւնը ջանքեր պիտի գործադրէ հայ-շուէտական կապերը զանազան բնագաւառներէ ներս առաւել խորացնելու եւ զարգացնելու ուղղութեամբ՝ իրականացնելով շարք մը ծրագրեր։

Զրոյցի տեւողութեան Նորին Սրբութիւնը շուէտացի դեսպանին ներկայացուց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դերակատարութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս, նաեւ ներկայ գործունէութիւնը՝ կարեւորելով քրիստոնէական արժէքներու պահպանումն ու գործադրումը։

Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը կրկնեց նորանշանակ դեսպանին ուղղեալ բարեմաղթութիւնները՝ ի զօրացումն Հայաստան-Շուէտ յարաբերութիւններու։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 2, 2021