ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԷՆ ՆԵՐՍ ԹԵՄԱԿԱՆ-ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմէն ներս գումարուեցաւ այս տարուան հերթական թեմական պատգամաւորական ժողովը։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեան նախագահեց նիստերուն, որոնց ատենապետեց տքթ. Խաչիկ Կազէր։ Ժողովին մասնակցեցան՝ թեմի հոգեւոր իշխանութեան սահմաններու 16 համայնքներէն շուրջ 30 աշխարհական պատգամաւոր, ինչպէս նաեւ այն 6 եկեղեցականները, որոնք կը պաշտօնավարեն թեմէն ներս։

Քէօլնի Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս ծաւալուեցաւ աշխատանքը, որու ընթացքին մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձան Արցախի առկայ մարտահրաւէրները։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2022