ԴՐԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Արեւելեան Ուղղափառ եւ Անկլիքան եկեղեցիներու Աստուածաբանական երկխօսութեան միջազգային յանձնախումբը վերջերս գումարեց իր տարեկան ժողովը։ Հաւաքը տեղի ունեցաւ Անգլիոյ մէջ, Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Լոնտոնի թեմի հիւրընկալմամբ։ «Պեթել» ղպտիական կեդրոնի համալիրէն ներս իրականացուած աշխատանքին յանձնախումբը շարունակեց «Տիեզերական ժողովներուն ժառանգութիւնը» նիւթով թղթածրարին արժեւորումը։ Վերջին երկու տարիներուն համաճարակի հետեւանքով ընդհատուած յանձնախումբի աշխատանքը շարունակուեցաւ՝ քննարկումի առարկայ դարձնելով նաեւ «Եկեղեցիներու ընտանիք» նիւթը։ Օրակարգի հիմնական խնդիրներէն մին կը վերաբերէր «Եպիսկոպոսներ եւ սինոդներ» նիւթով թղթածրարին։

Ժողովներուն մասնակցեցան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Անգլիոյ թեմի առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն Տ. Հրանդ Ծայրագոյն Վարդապետ Թահանեան։ Այս յանձնախումբը բաղկացած է զանազան եկեղեցիներէ եւ մշակոյթներէ հոգեւորականներէ։ Հաւաքի օրերուն քննարկումներու եւ աղօթքներու ընդմէջէն յաճախ յիշատակուեցան Միջին Արեւելքը, Կովկասը՝ բարդ հակամարտութիւններու լոյսին տակ։

Յանձնախումբի յաջորդ ժողովը նախատեսուած է յառաջիկայ տարի հոկտեմբերին, Յորդանանի Թագաւորութեան Անկլիքան Եկեղեցւոյ Երուսաղէմի թեմէն ներս։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2022