ԾԱՒԱԼՈՒՆ ՕՐԱԿԱՐԳ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը՝ բարձր նախագահութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին։ Որպէս ատենապետ՝ նստաշրջանին կը մասնակցի նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։

Ժողովը սկսաւ Տէրունական աղօթքով, ապա յարգանքի լռութիւն պահուեցաւ՝ 13-14 սեպտեմբերին Ատրպէյճանի յարձակումներուն հետեւանքով զոհուած հայորդիներու յիշատակին։ Ժողովականները աղօթեցին անոնց հոգիներու խաղաղութեան ու հանգստութեան համար։

Վեհափառ Հայրապետը արտասանեց հակիրճ ողջոյնի խօսք մը, որմէ վերջ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանը հրաւիրեց նիստերը վարելու։

ԳՀԽ-ի ընդլայնուած կազմով այժմու նստաշրջանի օրակարգին վրայ կը գտնուին՝ ազգային, եկեղեցավարչական, կազմակերպչական, ընկերային, եկեղեցիներու եւ սրբավայրերու բարեկարգման ու վերանորոգման եւ եկեղեցւոյ կրթադաստիարակչական առաքելութեան վերաբերեալ հարցեր։ Մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ կը դառնան յետպատերազմեան շրջանին Արցախի եւ Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի հիմնանորոգման, օծման եւ միւռոնօրհնութեան կազմակերպման ընթացքը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2022