ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԻՄՆԱԴԻՐՆԵՐԸ՝ ԹԱԴԷՈՍ ԵՒ ԲԱՐԹՈՂԻՄԷՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐ

Այս Շաբաթ, մեր եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, տօնն է հայ եկեղեցւոյ հիմնադիրներու եւ հայոց առաջին Լուսաւորիչներու՝ Թադէոս եւ Բարթողիմէոս առաքեալներուն։

Արդարեւ, Քրիստոսի համբարձումէն ետք, Հայաստան աշխարհը պատիւը ունեցած է քարոզութեան վայր ըլլալու Քրիստոսի երկու առաքեալներու՝ Թադէոս եւ Բարթողիմէոսի, որոնց դամբարանները իբրեւ վաւերական վկաներ, կը մնան սրբազան ուխտատեղիները Հայաստան աշխարհին մէջ։ Հայ եկեղեցին իրաւամբ զանոնք կոչած է ԱՌԱՋԻՆ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉՆԵՐ։

Եկէ՛ք հարց տանք, թէ ովքե՞ր են այս մարդիկը եւ ի՞նչ ըրած են, համառօտի անդրադառնալով անոնց կեանքին ու առաքելութեան։

Առաջինը՝ Թադէոս, Քրիստոսի 12 առաքեալներուն մէջ յիշուած Թադէոսն է, որ կոչ-ւած է նաեւ Ղերէոս՝ Մատթէոսի աւետարանի մէջ եւ Յուդայ Յակոբայ՝ Ղուկասի աւետարանին մէջ։ Քրիստոս երբ սիրոյ եւ համամարդկային բարձր սկզբունքներու եւ մնայուն արժէքներու մասին կը խօսէր, այս առաքեալն էր, որ զարմանալի միամտութեամբ ըսած է.- «Տէր, ինչո՞ւ միայն մեզի կը յայտնես դուն քեզ եւ ոչ ամբողջ աշխարհի»։ Քրիստոսի վարդապետութեան ճշմարտութեան վրայ խորապէս հաւատացող այս առաքեալն էր, որ յետագային պիտի դառնար քրիստոնէութեան մեծագոյն քարոզիչներէն մէկը։

Թադէոսի քարոզութեան դաշտը եղած է Փոքր Ասիան, ուր շրջած եւ քարոզած է ամէն կողմ։ Առաւելաբար մնացած է Կապադովկիա, որուն Կեսարիա մայրաքաղաքին մէջ եպիսկոպոսական աթոռ ալ հաստատած է, ուր աւելի վերջ օծուելու պիտի երթային Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ իր յաջորդներէն ոմանք։ Աւանդութիւնը կ՚ըսէ, թէ Ասորիքի մայրաքաղաքը՝ Եդեսիայէն ալ անցած է ու իր վերջին կայանը եղած է Հայաստանը։

Թադէոս առաքեալ շրջած է Հայաստանի բոլոր կողմերը եւ քրիստոնէական կրօնը քարոզած է Արտազ գաւառի Շաւարշան գիւղաքաղաքը, ուր արքունի պալատը կը գտնուէր։ Թադէոս առաքեալ արքունի շրջանակին մէջ քարոզութիւն եւ բժշկութիւններ ըրած է եւ դարձի բերած է բազմաթիւ պալատականներ, որոնց մէջ ամենէն յատկանշականը թագաւորի դստեր՝ Սանդուխտ կոյսինն է։ Իր մասին աւանդութիւնը կը պատմէ շատ մը հրաշքներ։ Ի վերջոյ Հայաստանի մէջ եպիսկոպոսական աթոռ հաստատելէ յետոյ, հայոց Սանատրուկ թագաւորի հրամանով կը նահատակուի անոր դստեր՝ Սանդուխտ կոյսին հետ, Արտազի մէջ, 66 թուականին։ Ըստ գեղեցիկ աւանդութեան մը, նահատակման վայրին մօտիկ ժայռ մը կը բացուի եւ երկու սուրբերուն մարմինները կ՚ամփոփէ իր մէջ։ Աւելի ուշ դարերուն է, որ ճգնաւոր մը տեսիլքով պիտի գտնէր առաքեալին մասունքները։ Աւելի վերջ մեր հայրապետական աթոռը իր անունով պիտի կոչուէր «Աթոռն Թադէի»։

Երկրորդ առաքեալը կը հանդիսանայ, դարձեալ տասներկուքէն Բարթողիմէոսը, որ կոչուած է նաեւ Նաթանայէլ։ Եկեղեցին զինք կոչած է «Նախադաւան» առաքեալ, որովհետեւ դեռ Քրիստոսի չհետեւած, երբ օր մը թզենիի մը շուքին տակ ընկողմանած էր, Քրիստոս երբ այդտեղէն կ՚անցնէր, զինք տեսնելով ըսած է.- «Ահաւասիկ իսրայելացի մը, որուն մէջ նենգութիւն չկայ»։ Բարթողիմէոս այս խօսքին վրայ Քրիստոսի դառնալով ըսած է.- «Դուն ես Քրիստոսը, դուն ես որդին Աստուծոյ»։

Այս «աննենգ» իսրայելացին բնական է առաքելական փայլուն գործունէութիւն մը պիտի ունենար։ Ըստ աւանդութեան, իրեն կը վիճակուի Հնդկաստանի քարոզութիւնը, ուր քարոզելէ ետք կ՚անցնի Արաբիա, Պարսկաստան, եւ այլն, եւ ի վերջոյ գիւղեր եւ քաղաքներ շրջելով կը հասնի Հայաստան, ուր կը հանդիպի Թադէոսի, որուն հետ գիշեր մը միասին կ՚անցընեն, յաջորդ օր բաժնուելու համար տարբեր ուղղութեամբ։ Այն վայրը ուր կ՚իջեւանին, առաւօտուն խաչ մը կը կանգնեցնեն եւ այդ վայրը կը կոչուի Օթեաց Խաչ։

Բարթողիմէոսի քարոզութեան կեդրոնը կ՚ըլլայ Աղբակը, ուր կը յաջողի հետեւորդներ ունենալ։ Այս անգամ նորահաւատ քրիստոնեաներուն մէջ կը գտնուի Սանատրուկ արքային քոյրը՝ Ոգուհին։ Թագաւորը տեսնելով, որ քոյրն ալ քրիստոնեայ դարձած է, կը բարկանայ ու կը վրդովի եւ շուտով սպաննել կու տայ թէ՛ Բարթողիմէոսը եւ թէ Ոգուհին։ Ոգուհին սրամահ կ՚ըլլայ, իսկ Բարթողիմէոս փշոտ գաւազաններու հարուածներով կը նահատակուի 68 թուականին։

Սանատրուկ թագաւորին հալածանքներն ու սպանութիւնները չեն կրնար անշուշտ կասեցնել քրիստոնէութեան տարածումը Հայաստան աշխարհի մէջ։ Լուսապաշտ մեր ժողովուրդը իր հոգեւոր կեանքի զարգացման եւ քաղաքակրթական յառաջդիմութեան համար ջերմ սիրով պիտի փարէր աշխարհի ամենակատարեալ կրօնին՝ քրիստոնէութեան, զոր Աստուածորդին քարոզած էր։

Թադէոս եւ Բարթողիմէոս առաքեալները եղան մեր եկեղեցւոյ հիմնադիրները եւ առաջին լուսաւորիչները։ Հայ եկեղեցին մեծ երախտագիտութեամբ կը տօնախմբէ ու կը փառաւորէ անոնց յիշատակը ամէն տարի, Նոյեմբեր ամսուան վերջաւորութեան կամ Դեկտեմբերի սկիզբը։ 

ՎԱՐԱԳ Ա. ՔՀՆՅ. ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2017