ԶԵԿՈՅՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ Ի ՄԱՍԻՆ ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐԻ ՀԱՄԱՎԱՐԱԿԻ ՏԱՐԱԾՄԱՆ ՊԱՏՃԱՌԱՒ ԱՌՆՈՒԱԾ ՆՈՐ ՄԻՋՈՑԱՌՈՒՄՆԵՐՈՒ

Ծանօթ է, թէ քորոնաժահրի համավարակի պատճառաւ առողջապահական պատասխանատուներու թելադրութիւնները նկատի ունենալով, 1 յունիս 2020 թուականէն սկսեալ մեր եկեղեցիները աստիճանաբար բացուած էին հաւաքական պաշտամունքի, Ս. Պսակի եւ Ս. Մկրտութեան խորհրդակատարութիւններու եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւններու կարելիութիւն ընծայելու առաջադրութեամբ, առողջապահական ու գիտական մարմիններու որոշած առողջապահական դնչակապ (եիւզ մասքէսի), հականեխիչներու գործածութեան ու ընկերային հեռաւորութիւնը պահելու պայմանաւ։

Պատրիարքական Աթոռը վերջերս հրապարակուած նոր միջոցառումներու եւ ներնահանգային շրջանառութեան կանոնաւորումները նկատի ունենալով տնօրինած է ստորեւի կանոնաւորումները, ցնոր տնօրինութիւն ի զօրու ըլլալու պայմանաւ։

1- Մեր եկեղեցիները փակուած են կիրակնօրեայ հաւաքական պաշտամունքի, Ս. Պսակի եւ Ս. Մկրտութեան խորհրդակատարութեանց համար։

2- Եկեղեցիներուն մէջ Ս. Պսակի արարողութիւնները կրնան կատարուիլ երկուշաբթի, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրեր, 15.00 եւ 17.00 ժամերուն, առաջին աստիճանի ազգականներու եւ ընտանեկան պարագաներու մասնակցութեամբ եւ սահմանափակուած՝ առ առաւելն երեսուն հոգիով եւ միշտ նկատի ունենալով նախասահմանուած պաշտօնական եւ առողջապահական պայմաններու տրամադրութիւնները՝ առողջապահական դնչակապի ու հականեխիչներու գործածութիւնը եւ ընկերային հեռաւորութեան պահպանումը։ Խնդակցութիւն յայտնելու համար կը թելադրուի բաւարարուիլ լոկ ներկայութեամբ՝ հեռու մնալով ձեռնուելէ։

3- Եկեղեցիներուն մէջ Ս. Մկրտութեան արարողութիւնները կրնան կատարուիլ շաբաթամէջի օրերուն առաջին աստիճանի ազգականներու եւ ընտանեկան պարագաներու մասնակցութեամբ եւ սահմանափակուած՝ առ առաւելն երեսուն հոգիով եւ միշտ նկատի ունենալով նախասահմանուած պաշտօնական եւ առողջապահական պայմաններու տրամադրութիւնները՝ առողջապահական դնչակապի ու հականեխիչներու գործածութիւնը եւ ընկերային հեռաւորութեան պահպանումը։ Խնդակցութիւն յայտնելու համար կը թելադրուի բաւարարուիլ լոկ ներկայութեամբ՝ հեռու մնալով ձեռնուելէ։

4- Եկեղեցիներու եւ գերեզմանատուներու մէջ յուղարկաւորութեան արարողութիւնները կրնան կատարուիլ շաբաթամէջի օրերուն, առաջին աստիճանի ազգականներու եւ ընտանեկան պարագաներու մասնակցութեամբ եւ սահմանափակուած՝ առ առաւելն երեսուն հոգիով եւ միշտ նկատի ունենալով նախասահմանուած պաշտօնական եւ առողջապահական պայմաններու տրամադրութիւնները՝ առողջապահական դնչակապի ու հականեխիչներու գործածութիւնը եւ ընկերային հեռաւորութեան պահպանումը։ Այս արտակարգ շրջանին կը թելադրուի, ցաւակցութիւն յայտնելու համար բաւարարուիլ հեռակայ դրութեամբ, օգտագործելով հեռաձայնը եւ համացանցային միջոցները։

5- Նկատի ունենալով առողջապահական պատասխանատուներու թելադրութիւնները Քովիտ-19 ժահրի պատճառաւ մահացածներու յուղարկաւորութեան արարողութիւնը հարկաւոր միջոցառումներ ապահովելէ յետոյ անյապաղ կը կատարուի միայն գերեզմանատուներու մէջ։

6- Յետ թաղման կատարելի առտնին եւ կիրակամուտքի արարողութիւնները առկախուած են։

7- Վերստին կը յիշեցնենք թէ, եկեղեցւոյ սրահները ընդունելութեան եւ կամ ցաւակցութեան համար գործածութիւնը յարմար չէ նկատուած։

8- Կիրակի օրերուն զուգադիպող քառասունքի եւ տարելիցի հոգեհանգստեան արարողութիւնները շաբաթամէջի օրերուն առաջին աստիճանի ազգականներու եւ ընտանեկան պարագաներու մասնակցութեամբ եւ սահմանափակուած՝ առ առաւելն երեսուն հոգիով եւ միշտ նկատի ունենալով նախասահմանուած պաշտօնական եւ առողջապահական պայմաններու տրամադրութիւնները՝ առողջապահական դնչակապի ու հականեխիչներու գործածութիւնը եւ ընկերային հեռաւորութեան պահպանումը։

Մեր ժողովուրդի զաւակներուն, թէ՛ իրենց եւ թէ՛ իրենց մերձաւորներուն առողջապահութեան համար կը թելադրենք բծախնդրութեամբ հնազանդիլ վերեւ նշուած տնօրինութիւններուն, որպէսզի կարիքը չմնայ այլ նոր միջոցառումներու։

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ

1 դեկտեմբեր 2020
12329

*

CORONA VİRÜSÜ PANDEMİSİ’NİN İLERLEMESİ NEDENİYLE  ALINAN YENİ ÖNLEMLER HAKKINDA PATRİKLİK BİLDİRİSİ

Bilindiği üzere, Corona Virüs Pandemisi nedeniyle sağlık sorumlularının tavsiyeleri dikkate alınarak kiliselerimiz toplu ibadet, Dini Nikâh (Kilise Düğünleri), Vaftiz törenleri ve Cenaze törenlerinin gerçekleştirilebilmesi için resmi ve sağlık kurumlarımızın belirlediği maske kullanımı, sosyal mesafe ve dezenfektan kullanımı gibi şartlara uyulması kaydıyla 1 Haziran 2020 tarihinden itibaren kademeli olarak açılmıştı.

Buna göre, yeni önlemler ve il içinde kısıtlı dolaşım düzenlemeleri dikkate alınarak Patriklik Makamı’nın talimatıyla ikinci bir emre kadar

1- Kiliselerimiz pazar günleri toplu ibadete, Dini Nikâh (Kilise Düğünleri) ve Vaftiz Törenleri’ne kapatılmıştır.

2- Sadece birinci derecedeki akraba ve aile üyelerinin katılımıyla ve azami 30 (otuz) kişilik bir mevcut ile resmi ve sağlık kurumlarımızın belirlediği maske kullanımı, sosyal mesafe ve dezenfektan kullanımı gibi şartlara kesinlikle uyulması kaydıyla Kiliselerimizde Dini Nikâh Törenleri (Kilise Düğünleri) Pazartesi, Çarşamba ve Cuma günleri, 15.00 ve 17.00 saatlerinde gerçekleşebilecektir. Tebriklerin sunulması konusunda törende hazır bulunmakla yetinilmesi ve el sıkışmasından uzak durulmasını tavsiye ederiz.

3. Sadece birinci derecedeki akraba ve aile üyelerinin katılımıyla ve azami 30 (otuz) kişilik bir mevcut ile resmi ve sağlık kurumlarımızın belirlediği maske kullanımı, sosyal mesafe ve dezenfektan kullanımı gibi şartlara kesinlikle uyulması kaydıyla Kiliselerimizde Vaftiz törenleri hafta içi günlerde gerçekleşebilecektir. Tebriklerin sunulması konusunda törende hazır bulunmakla yetinilmesi ve el sıkışmasından uzak durulmasını tavsiye ederiz.

4. Sadece birinci derecedeki akraba ve aile üyelerinin katılımıyla ve azami 30 (otuz) kişilik bir mevcut ile resmi ve sağlık kurumlarımızın belirlediği maske kullanımı, sosyal mesafe ve dezenfektan kullanımı gibi şartlara kesinlikle uyulması kaydıyla Kiliselerimizde ve mezarlıklarımızda Cenaze törenleri hafta içi günlerde gerçekleşebilecektir. Bu olağanüstü durumlarda taziyelerin telefon veya elektronik ortamdan yararlanarak sunulması önerilir.

5. Sağlık sorumlularının tavsiyeleri dikkate alınarak COVID-19 Virüsü nedeniyle vefat edenlerin uğurlama töreni ivedi bir şekilde ve sadece mezarlıklardan, gerekli önlemler alınarak gerçekleştirilecektir.

6. Evlerde yapılacak defin sonrası veya “Giragamudk” duaları askıya alınmıştır.

7. Kilise salonlarının kabul veya taziye amacıyla kullanılmasının uygun görülmemiş olduğunu tekraren hatırlatırız.

8. Pazar günlerine rastlayan “KIRK” ve “SENE” gibi “HOKEHANKİSD” (Ayin-i Ruhani) duaları yine sadece birinci derecedeki akraba ve aile üyelerinin katılımıyla ve azami 30 (otuz) kişilik bir mevcut ile resmi ve sağlık kurumlarımızın belirlediği maske kullanımı, sosyal mesafe ve dezenfektan kullanımı gibi şartlara kesinlikle uyulması kaydıyla hafta içi günlerde yapılacaktır.

Cemaatimizin değerli üyelerinin gerek kendi gerekse çevre sağlığını düşünerek yukarıda belirtilen hususlara titizlikle uymalarını yeni önlemlere mahal verilmemesinin teminini tavsiye ediyoruz.

PATRİKLİK SEKRETERYASI

1 Aralık 2020
12329 

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2020