ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ. «ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԸ՝ ԳՐՔԻ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ»

Կը տեղեկանանք, որ այս տարի կը լրանայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի հիմնադրութեան 10-ամեակը։ 2012 թուականին գործել սկսած է ներկայ մատենադարանը, որ մայրավանքի համալիրէն ներս առանցքային խարիսխ մըն է։ Ան թէ՛ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի գրադարանային միջավայրը կը հանդիսանայ, թէ՛ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան հրատարակչութեան բաժնի գործունէութեան ուղենիշներէն մին է եւ թէ իր ֆիզիքական պայմաններով եւ այլ հնարաւորութիւններով դարձած է գիտական կեդրոն մը, մշակութային օճախ մը, ուր կը կազմակերպուին զանազան ձեռնարկներ կամ ցուցահանդէսներ։

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ 10-ամեայ յոբելեանին առթիւ նախատեսուած է յառաջիկայ աշնան կազմակերպել գիտաժողով մը։ «Սուրբ Էջմիածինը՝ գրքի հանգրուան» խորագրեալ այս գիտաժողովը տեղի պիտի ունենայ 6 հոկտեմբեր 2022 թուականին։

Այս գիտաժողովի զեկուցումները պիտի ընթանան չորս ընդհանուր առանցքի շուրջ. ինչպէս՝ հայ գրաւոր մշակութային ժառանգութիւն, հայ տպագրութեան պատմութիւն, գրադարանագիտութիւն, հրատարակչական գործունէութիւն։ Նախապատուութիւն կը տրուի այն զեկոյցներուն, որոնք յիշեալ բնագաւառներու շրջանակներէն ներս, առանց դարաշրջաններու սահմանափակման, կ՚առընչուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի գործունէութեան։

Այս գիտաժողովի նախապատրաստական աշխատանքները կը համակարգուին Մայա Գրիգորեանի կողմէ։ Աշխատանքային լեզուն պիտի ըլլայ հայերէն։ Զեկոյցները առանձին ժողովածոյի մը ձեւաչափով պիտի տպագրուին։

Հինգշաբթի, Յունուար 20, 2022