ՊԸՐՊԵՆՔԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս նախընթաց օր տեղի ունեցաւ վարչական կարեւոր հաւաք մը։ Թեմը այս տարի կը նշէ իր հաստատման 95-ամեակը եւ յոբելենական շրջանին առթիւ ստեղծուած է արտասովոր աշխուժութիւն։ Պըրպենքի Առաջնորդարանէն ներս նախընթաց օր մէկտեղուեցան թեմի եկեղեցականները, որոնք քննարկեցին զանազան կարեւոր հարցեր, որոնք կը վերաբերէին մշակուած յոբելենական ծրագրերուն, եկեղեցական-հովուական ծառայութիւններուն։ Հոգեւորականները ուշադրութիւն կեդրոնացուցին համաճարակի հետեւանքով ստեղծուած ընկերային, նաեւ եկեղեցական-ծիսական մտահոգութիւններուն վրայ։ Յոբելենական տարուայ արժեւորման ամբողջին մէջ շօշափուեցան թեմէն ներս նախատեսուած նոր եկեղեցիներու օծումները՝ մասնաւորապէս Սեն Տիէկոյի եւ Սաքրամենթոյի մէջ, հերթականօրէն այս ամսավերջին եւ մայիսի սկիզբին։ Նոյնպէս մայիսի սկիզբին պիտի գումարուի Արեւմտեան թեմի Պատգամաւորական ժողովը։

Հայաստանի առկայ մարտահրաւէրներու մթնոլորտին մէջ Արեւմտեան թեմը հետամուտ եղած է «Ձեռք երկարել եղբօր» ծրագրին, որու իրագործումները աչքէ անցուեցան հոգեւորականներու քննարկումներուն ժամանակ։ Ուշադրութեան առարկայ դարձաւ նաեւ քահանայական թեկնածուներու պատրաստութիւնը։ Հոգեւոր հայրերը շօշափեցին «Թեմական ուղեցոյց»ի թղթածրարը՝ հովուական, վարչական, ծիսական եւ եկեղեցական երեսակներով։

Յոբելենական տարուայ համար Առաջնորդարանին կողմէ նախատեսուած հրատարակութիւններն ու թեմի զարգացման հեռանկարները, Մեքսիկայէ ներս հայկական նոր համայնքներու ձեւաւորման գործընթացը, յառաջիկայ ապրիլին նախատեսուած չափահասներու հաւաքական մկրտութիւնը եւս խոշորացոյցի տակ առնուեցան հաւաքի ժամանակ։

Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան 2022 թուականը ձօնած է հայ քրիստոնեայ ընտանիքի, ինչ որ նոյնպէս մաս կազմեց քննարկումներու օրակարգին։

Պըրպենքի Առաջնորդարանի դիւանին կողմէ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ յիշեցուած է, որ յառաջիկայ փետրուարի 22-ին նախատեսուած է Արեւմտեան թեմի հոգեւորականներու միօրեայ հաւաքը։ 2003 թուականէն ի վեր այս ձեւաչափին մէջ ժողովներ կը կազմակերպուին տարին երեք անգամ։ Ներկայ տարուայ յոբելենական բնոյթի բացառիկ հանգամանքի լոյսին տակ՝ մօտալուտ այս հաւաքը վերնագրուած է՝ «Ծիսական պաշտամունք եւ քրիստոնէական կեանք»։ Թեմի փորձառու հոգեւորականները հանդէս պիտի գան զեկուցումներով։ Միօրեայ հաւաքի աւարտին, Ս. Ղեւոնդեանց Առաջնորդանիստ Մայր տաճարէն ներս պիտի մատուցուի գոհաբանական Ս. Պատարագ, որմէ վերջ ալ պաշտօնապէս պիտի բացուի այն ցուցատախտակը, որուն վրայ արձանագրուած պիտի ըլլան՝ Արեւմտեան թեմէն ներս ցայսօր ծառայած վախճանեալ հոգեւոր հայրերու անունները։

Հինգշաբթի, Յունուար 20, 2022