ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴԸ ԲԵԹՂԵՀԷՄԻ ՄԷՋ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այս տարի եւս Սուրբ Երկրին մէջ հանդիսաւորապէս, աւանդական շուքով նշեց Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը՝ ըստ հին տոմարի։ 18-19 յունուարի մեծահանդէս տօնակատարութիւնները, անշուշտ, այս տարի բացառիկ նշանակութիւն ունեցան՝ քանի Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնն ու սաղիմահայութիւնը արտակարգ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուին։ Երուսաղէմէն մինչեւ Բեթղեհէմ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան ներկայացուցիչները ընթացան՝ պատշաճ պետական արարողակարգով թէ՛ Իսրայէլի եւ թէ Պաղեստինի իշխանութեանց կողմէ։ Սուրբ Ծննդեան տաճարի յարած հրապարակին վրայ այս տարի եւս տողանցեց հայկական հանդիսաւոր թափօրը։ Այս բոլորէն վերջ Սուրբ Ծննդեան տաճարին եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան Սուրբ Այրին մէջ տաղաւարի տօնակատարութիւններ տեղի ունեցան՝ ըստ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ սուրբ աւանդութեան, կանոններուն ու ծէսին։

Տօնակատարութիւններուն հանդիսապետեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան լուսարարապետ Տ. Սեւան Արքեպիսկոպոս Ղարիպեան, որու կողքին էր՝ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան երիցագոյն անդամներէն Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան, որ Հռոմէն մեկնած էր Սուրբ Երկիր։ Զինուորեալ միաբանութեան նորաօծ սրբազանները՝ Տ. Կորիւն Եպիսկոպոս Պաղտասարեան եւ Տ. Թէոդորոս Եպիսկոպոս Զաքարեան եւս մասնակցեցան Սուրբ Ծնունդի տօնակատարութիւններուն։ Ճրագալոյցի եւ Սուրբ Ծնունդի առթիւ մատուցուած Սուրբ Պատարագներէն վերջ, Բեթղեհէմի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ ջրօրհնէք։ Տօնակատարութիւններուն մասնակցեցան Պաղեստինի իշխանութիւններուն կողմէ ներկայացուցիչներ։ Սա թէեւ առաջին հայեացքով ընթացիկ արարողակարգ մը ըլլալ կը թուի, սակայն, այժմու պայմաններով կը համարուի յատկանշական, որովհետեւ հին Երուսաղէմի հայկական թաղամասի «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի տագնապով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ Պաղեստինի իշխանութիւնները դադրած են Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի հանգամանքը ճանչնալէ։

Մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամերը տեւած տօնակատարութիւններէն վերջ, Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամները «Խորհուրդ մեծ» շարականի երգեցողութեամբ բարձրացան Բեթղեհէմի հայոց վանքը, ուր տեսչարանին մէջ ընթերցուեցաւ Սուրբ Ծնունդի Աւետարանը, որուն յաջորդեց «Փառք ի Բարձունս»ի երգեցողութիւնը։

Հուսկ, Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամները վերադարձան Երուսաղէմ։

Շաբաթ, Յունուար 20, 2024