Երեքշաբթի 14, Յունուար 2025
ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «Արարատի ստորոտին» խորագրեալ միջազգային մետիայի համաժողովի մասնակիցները։
Վեհափառ Հայրապետը լրագրողներուն հետ զրուցելու ընթացքին անդրադարձաւ յառաջիկայ Ապրիլին նախատեսուած Սրբադասման արարողութեան եւ Սեպտեմբերին կայանալիք Միւռոնօրհնութեան։ Այս երկու հանգրուաններուն ալ կը նախատեսուի միջեկեղեցական լայն մասնակցութիւն։ Այսպէս, զանազան եկեղեցիներու, միջեկեղեցական կամ էքիւմենիք կառոյցներու, զանազան կրօններու եւ միջկրօնական կազմակերպութիւններու կողմէ շուրջ 80 ներկայացուցիչ եւ 38 պատուիրակութիւն պիտի փութայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։
Ուրբաթ, Մարտ 20, 2015