ՄՇՏԱՀՈՒՆՉ ԱՂՕԹՔ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մշտահունչ աղօթքներ կը բարձրացուին առ Աստուած քորոնաժահրէ վարակուածներուն համար։ Կը հաղորդուի, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ամէն օր կը կատարուին մասնաւոր բժշկական աղօթքներ։ Երէկուան դրութեամբ, յաւարտ առաւօտեան ժամերգութեան, ամէն օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութեան կողմէ մեր սուրբ հայրերու գրուածքներէն կ՚ընթերցուին հիւանդաց բժշկութեան աղօթքներ։

Երէկ առաւօտ, Մայրավանքէն ներս, Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Սուրբ Վարդան մատուռ-մկրտարանի երդիքին տակ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ քանի մը միաբաններ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի Աղօթամատեանէն քաղուած աղօթքներ բարձրացուցին առ Աստուած՝ հիւանդներու շուտափոյթ բժշկութեան եւ մեկուսացման մէջ գտնուողներու հոգեւոր ամրութեան եւ խաղաղութեան համար։ 

Ուրբաթ, Մարտ 20, 2020