ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ՔՐԻՍՏՈՍՈՎ

Մեծ Պահքի 29-րդ օրն է:

Պօղոս առաքեալ Եբրայեցիներուն ուղղած իր նամակը այսպէս կը սկսի.

«Անցեալին բազմաթիւ անգամներ եւ բազմաթիւ կերպերով Աստուած մեր հայրերուն խօսեցաւ մարգարէներուն միջոցաւ, իսկ այս վերջին օրերուն մեզի խօսեցաւ Իր Որդիին միջոցաւ: Աստուած զԻնք ամէն բանի ժառանգորդ կարգեց եւ Անոր միջոցաւ էր որ տիեզերքը ստեղծեց: Որդին, Հօրը փառքին լոյսը եւ Անոր էութեան ճշգրիտ պատկերը, որ Իր խօսքին զօրութեամբ տիեզերքը կը պահէ, Իր անձով մեր մեղքերը սրբելէ ետք՝ երկինքի մէջ նստաւ Աստուծոյ՝ Գերագոյն Զօրութեան, աջ կողմը» (Եբր 1.1-3):

Պահեցողութեան այս ճանապարհորդութեան համար իւրաքանչիւր պահեցող կարիք ունի Քրիստոսի: Առանց Քրիստոսի չկա՛յ ճշմարիտ պահեցողութիւն: Առանց Քրիստոսի պահեցողութենէն արդիւնք չկա՛յ:

Արդարեւ, Պօղոս առաքեալին այս տողերը յստակ ապացոյց են մեզի համար, որ Հայրն Աստուած Տէր Յիսուսը աշխարհ ղրկեց մարդոց մեղքերը սրբելու համար, այսինքն՝ մարդուն նկատմամբ ունեցած Իր սիրոյ արդիւնքն էր՝ Իր Միածինին աշխարհ առաքումը:

Տէր Յիսուսի մասին եկեղեցական մատենագիրները շատ գրած են: Այստեղ մէկ-երկու հատուած ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն:

Սուրբ Բարսեղ Մեծ կը գրէ.

- Մահը համտեսեց բոլորին համար, հակառակ անոր որ բնութեամբ Ինք կեանքն իսկ է, յարութիւնն իսկ է: Իր մարմինը մահուան յանձնեց, եւ Իր անպարտելի զօրութեամբ, մահը կոխեց Իր մարմինով՝ մեռելներէն Անդրանիկը ըլլալու համար, ինչպէս նաեւ ննջեցեալներէն: Աստուծմէ ծնած Խօսքն է Ան, որուն միջոցով կ՚աւերուի մահուան իշխանութիւնը:

Գէորգ Չէօրեքճեան Ամեայն Հայոց Կաթողիկոսը կը գրէ.

- Յիսուս է միայն ճշմարիտ խաղաղութեան պարգեւիչը. այո՛, աշխարհն ալ խաղաղութիւն կու տայ, սակայն կեղծ եւ խաբուսիկ. ան մէկ ձեռքով խաղաղութեան ձիթենին կը մեկնէ քեզի, իսկ միւսով՝ սիրտդ կը խրէ. ան այսօր կը ժպտայ երեսիդ, իսկ վաղը՝ ակռաները կը կրճտացնէ ետեւէդ։

Ով աշխարհի պատրանքը ճաշակած է, վկայ եղած է սուտ ընկերոջ անհաւատարմութեան՝ անիկա անշուշտ համոզուած է, որ զո՜ւր է աշխարհին մէջ ճշմարիտ եւ տեւական խաղաղութիւն որոնել, այլ՝ պէտք է դիմել միայն մեզի համար խաչ ելած եւ յարութիւն առած Յիսուսին, որ խաչէն իջաւ, գերեզմանէն յաղթական ելաւ եւ Իր մտերիմներուն խաղաղութեան ողջոյն բերաւ, անոնց դառնացած եւ ընկճուած հոգիները ուրախութեամբ լեցուց:

Էմմանուէլ Քահանայ Նազարեան կը գրէ.

- Առանց Քրիստոսի չկայ յոյս, չկայ միւս կեանք, չկայ երկինք, չկայ Աստուած, այլ միայն փոշի՝ արցունքներով թրջուած։ Կը հաւատանք, որ Ան Աստուած է եւ՝ Աստուծոյ Որդի։ Կը հաւատանք, որ Ան մեր փրկութեան համար ձգեց Իր Հօր ծոցը, եւ երկինքի անհասանելի բարձրութենէն խոնարհեցաւ, երկիր եկաւ, Իր Աստուածութեան հետ մեր մարդկութիւնը խառնեց, մեզի եղբայր եղաւ, որպէսզի օր մըն ալ, մեզ բարձրացնէ՝ Աստուծոյ որդի ընէ:

Մեծ պահքի մնացած շրջանը այս մտածումներուն մասին մտորելով ու խորհրդածելով անցընենք, արժանապէս դիմաւորելու համար փառաց Տէրը, Յարուցեալ Փրկիչը՝ Յիսուս Քրիստոս:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

11 մարտ 2023, Վաղարշապատ

Երկուշաբթի, Մարտ 20, 2023