ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԸ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ Է ԶԱՅՆ ՎԱՐԿԱԲԵԿԵԼՈՒ ԱՄԷՆ ՓՈՐՁ՝ ՍՐԲԱՊՂԾՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին իր ակունքներուն մէջն իսկ կղերապետական հաստատութիւն չէ եղած:

Հայ ժողովուրդի պետականութեան կորուստէն ետք, պարսկական, թիւրքմենական, թրքական թէ այլ տիրապետութեանց երկար դարերու ընթացքին Հայ Եկեղեցին էր, որ միշտ կը մնար կազմակերպումի եւ համախմբուածութեան միակ վայրը, ուր կը պահպանուէին հայութիւնը իր անցեալին կապող ազգային արժէքներն ու մշակոյթի մնացորդը, աւանդոյթներն ու ծէսերը, լեզուն ու գրականութիւնը: Պետականութիւնը փոխարինող հաստատութիւնը եղաւ Հայ Եկեղեցին, որուն համար ալ արդէն կաթողիկոսներուն տրուեցաւ վեհափառ տիտղոսը, որ կը տրուէր հայոց թագաւորներուն:

Ամէն գիւղ ու աւան, նոյնիսկ ամենէն յետինը կ՚ունենար իր եկեղեցին ու հոգեւոր առաջնորդը, որոնց շնորհիւ կը կազմուէր համայնքը, հայ մարդոց համախմբուածութիւնը: Հայ կղերականը հայ քրիստոնեայ մեր սուրբ կրօնքի ծիսակատարն էր, գիւղացիները մխիթարողը, գիւղին խոստովանահայրն էր, վէճերուն լուծում տուող դատաւորը, խրատողն ու խորհրդատուն, յաճախ նաեւ դաստիարակը: Համեստ ուժերով եւ իր համայնքին հետ ծէսի ու աւանդութեանց ճամբով ազգային թթխմորին պահապանը:

Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ետք, թէ Հայաստանի խորհրդայնացումով, Հայ Եկեղեցին իր զոյգ կաթողիկոսութիւններով աշխարհասփիւռ թէ հայրենաբնակ հայ ժողովուրդին խիղճն ու կողմնացոյցը շարունակեց մնալ: Հայ ժողովուրդը իր մշակութային ուրոյն դիմագիծը կրցաւ պահել Հայ Եկեղեցիին ու անոր գահակալներուն ազգային եւ կրօնական վեհ առաքելութեան գիտակցութեան շնորհիւ:

Սփիւռքի պարագային, ի պաշտօնէ եւ արդարութեան համար պէտք է հոս անմիջապէս աւելցնել, որ եկեղեցիին կողքին կարեւոր դեր ունեցան հայ քաղաքական կուսակցութիւնները համայնքներու կազմակերպման մէջ: Իւրաքանչիւրը իր դիրքէն եւ ազդեցութեան գօտիէն՝ անոնք եղան Հայ Եկեղեցիի գործունէութիւնը ապահովողը ու մղում տուողը, ըլլալով անոր հպարտ դրօշակակիրներն ու համեստ զինուորները:

Մեզի համար տարբերութիւն մը չկայ Հայ Եկեղեցիին եւ անոր օծեալ գահակալներուն միջեւ: Անոնք մէկ են մեր ենթագիտակցութեան ու խղճին մէջ:

Մայր Աթոռը Սրբութիւն Է մեզի համար եւ անոր վարկաբեկումի ամէն փորձ մենք սրբապղծութիւն կը համարենք:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը, Հայ Եկեղեցիի ընդհանուր նուիրապետութեան մէջ մշտապէս նախամեծար ու նախաթոռ համարելով հանդերձ Ռամկավար ազատականներս նոյնքան նախանձախնդիր ենք Հայ նուիրապետական միւս աթոռներուն ու անոնց գահակալներուն նկատմամբ ու պահակները ենք անոնց:

Հայ ժողովուրդին գոյութեան սպառնացող զանազան մարտահրաւէրներու դիմաց այսօր, մենք անգամ մը եւս կը հաստատենք Հայ Եկեղեցիին հանդէպ մեր դաւանանքը՝ լիաբերան շեշտելով, որ Մայր Աթոռն ու անոր գահակալը վեր պէտք է ըլլան ամէն տեսակի անձնական, թէ քաղաքական նկատառումներէ եւ անոր դէմ բարձրացող ոեւէ ձայն պէտք է մատնուի համրութեան:

ՅԱԿՈԲ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ
ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան
նախկին ատենապետ (1995-2002)

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2020