ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՇՔԱՆՇԱՆԻ ՅԱՆՁՆՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ շքանշանի յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւն մը։ Այսպէս, Վեհարանի գահասրահի երդիքին տակ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» պատուոյ բարձր շքանշանը շնորհեց Ռուսաստանէն՝ բարերար Աշոտ Առուստամեանին։

Տէրունական աղօթքով սկսաւ արարողութիւնը, որու ընթացքին մեծարեալի կեանքին, վաստակին ու գործունէութեան մասին արտայայտուեցաւ Հարաւային Ռուսաստանի հայոց թեմակալ առաջնորդ Տ. Մովսէս Արք. Մովսիսեան։ Ապա «Էջ Միածինն ի Հօրէ» շարականի երգեցողութեամբ վերաբերուեցան Հայրապետական սրբատառ կոնդակն ու շքանշանը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան ընթերցեց Հայրապետական սրբատառ կոնդակը։ Ապա Նորին Սրբութիւնը շքանշանը զետեղեց մեծարեալի լամբակին։ Իր կարգին, Աշոտ Առուստամեանն ալ սրտի խօսքին մէջ ընդգծեց, որ պատրաստակամ է միշտ շարունակելու իր ծառայութիւնը հայ ժողովուրդին եւ Եկեղեցւոյ համար։

Հուսկ բանքը արտասանեց Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը, որ շեշտեց, թէ նմանօրինակ եկեղեցասէր ու հայրենանուէր անձերու հաւատքի ոգին ու նուիրումը կը դառնան ակունք՝ բազում նշանակալի ձեռնարկներու եւ աստուածահաճոյ իրագործումներու համար։

Շաբաթ, Մայիս 20, 2023