ԱՍՏՈՒԱԾԱՀԻՄՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Կաթողիկէ Ս. Էջմիածնի տօնը։ Բերկրաշատ օրուան առթիւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը նախագահեց Ս. Գայիանէ պատմական վանքի կամարներուն ներքեւ մատուցուած Ս. Պատարագին։ Օրուան պատարագիչն էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան։

Յաւարտ Ս. Պատարագի Վեհափառ Հայրապետի մասնակցութեամբ կատարուեցաւ Սուրբ Էջմիածնի մաղթանք։ Այս առթիւ ներկայ հաւատացեալներն ու եկեղեցականաց դասը առ Աստուած աղօթք բարձրացուցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի շէնացման, պայծառութեան, անսասանութեան եւ սրբազան առաքելութեան յարատեւութեան համար։ 

Օրուան քարոզին մէջ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան անդրադարձաւ տօնի խորհուրդին։ «Մեր ազգը իր հայեացքը ուղղեց դէպի Միածինը եւ Միածինը իջաւ եւ ուռամբ նշեց այն վայրը, ուր պէտք է վեր խոյանայ իր աղօթքի տունը, ուր հաստատուեցաւ քահանայապետական աթոռը, ուրկէ դարեր շարունակ հաւատացեալ հայու սիրտը, հայու ստեղծագործ միտքը, հայու ազնիւ եւ զօրաւոր կամքը կը սնուին եւ կ՚ամրանան», նշեց Նորին Սրբազնութիւնը եւ աւելցուց, որ թէեւ Մայր Տաճարի քարերը կը թուին լուռ ըլլալ, սակայն անոնք կենդանի են, մեզի հետ կը խօսին դարերու խորքէն ու մեր աղօթքներն ալ կը լսեն, որպէսզի գալիք դարերուն պատմեն։

«Էջմիածնին ու Լուսաւորչի Ս. Աջին կապուելով հայը մնաց հայ, շարունակեց արարել։ Աներկբայ է, որ այսօր կանք Սուրբ Էջմիածնով։ Անսասան է Էջմիածինը, անսասան է հայոց ազգը։ Արդ, ազգովի գլուխ խոնարհենք այս միակ, համազգային, յաւիտենական եւ յաւերժական սուրբ հաստատութեան վեհութեան առջեւ։ Փառք տանք Աստուծոյ, որ այսօր ալ Հայ Եկեղեցին կը շարունակէ դէպի յաւիտենականութիւն ուղղորդող իր աստուածահիմն առաքելութիւնը ճիշդ նոյն կերպով եւ նոյն վայրին մէջ՝ ինչպէս էր 4-րդ դարուն», յայտնեց Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան։ 

Երկուշաբթի, Յունիս 20, 2022