ՆԱԽԱՐԱՐ ԲԱԴԱՍԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի նորանշանակ Արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեանը։ Նորանշանակ նախարարը առաջին անգամ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելեց պաշտօնը ստանձնելէ վերջ։

Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց Բադասեանի առաջին այցելութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ անդրադառնալով Արդարադատութեան նախարարութեան կարեւոր առաքելութեան երկրի օրինական ու բարօր կեանքի կերտման ուղղութեամբ։ Նորին Սրբութիւնը նախարարին մաղթեց արդիւնաւոր գործունէութիւն եւ յաջողութիւններ իր ծառայութեան մէջ։

Զրոյցի տեւողութեան խօսուեցաւ ընդհանուր մարտահրաւէրներու եւ հանրութենէն ներս օրէնսդրութեան առընչութեամբ անհանգստութեան պատճառ դարձած հարցերու մասին։ Մասնաւոր քննարկման առարկայ դարձաւ Եւրոխորհուրդի պայմանագիրը՝ «Կանանց դէմ բռնութեան եւ ընտանեկան բռնութեան կանխարգիլման եւ անոր դէմ պայքարի մասին»։

Ի պատասխան Վեհափառ Հայրապետի կողմէ յառաջ քշուած մտահոգութիւններուն՝ նախարարն ու փոխ-նախարար Քրիստինէ Գրիգորեան սոյն փաստաթուղթին կապակցութեամբ ներկայացուցին իրենց մօտեցումները։

Շաբաթ, Յուլիս 20, 2019