ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ԴԱՄԲԱՆԱԿԱՆԸ

«Պատերազմեցայ բարի պատերազմը, աւարտեցի ըթացքս, պահեցի հաւատքը: Եւ հիմա ինծի կը սպասէ արդարութեան պսակը՝ զոր ինծի պիտի տայ Տէրը՝ արդար Դատաւորը, այն օրը, իբրեւ հատուցում. Եւ ո՛չ միայն ինծի, այլ նաեւ անոնց՝ որ սիրեցին անոր յայտնութիւնը» (Բ. Տիմոթ. Դ:6-8):

Երբ դագաղ մը դրուի եկեղեցւոյ մէջ եւ կը հաւաքուին մարդիկ շուրջբոլորը, կը նմանի դատաստանի մը, ուր կեանքի մը արժեւորումը կը կատարուի: Ո՞վ էր հանգուցեալը, ինչպիսի՞ կեանք վարած էր նա. ինչպէ՞ս հպած էր ուրիշներուն եւ ի՞նչ հետքեր թողած շուրջիններուն վրայ:

Երբ Պիղատոսը Տէր Յիսուսը դատելու համար ժողովուրդին առջեւ հանեց, բոլորին դէմ աղաղակեց. «Ահա՛, մա՛րդը»: Առանց իմանալու հռովմէացի կուսակալը՝ լաւագոյն որակումը տուած եւ դատաստանը կատարած էր Յիսուսին: Ահա՛, իր բարձունքներով, բառին բուն իմաստով «մա՛րդը», կատարեալ մա՛րդը:

Վարդ Շիկահերն ալ, դագաղին մէջ պառկող հանգուցեալը, զինքը ճանչցողներու աչքին արժանի էր նոյն յորջորջումին։ Ահա՛, մա՛րդը: 94 տարուայ երկարատեւ կեանքը կարելի է ամփոփել մէկ իսկ բառով՝ «Հոյակա՜պ»: Ամէն ինչ միացուլուած է այդ կեանքին մէջ մարդ արարածին հետ առընչուած։ Բառարանի մը բոլոր ազնիւ բառերը անձի մը համար ըսուելիք՝ մէկտեղուած էր անոր կեանքին, գործին եւ նկարագրին մէջ:

Ինչ որ առած էր կեանքէն, աւելիով ետ դարձուց տասնապատիկ, ճոխացած ու բազմապատկուած՝ պարարտ հունձքով մը ոսկեզօծ: Տոց. Տքթ. Վարդ Շիկահեր եղած է թրքահայութեան բազմակողմանի եւ բազմահմուտ մտաւորական, բանաստեղծ ու գրողը, գիրքերու հեղինակ, թերթի աշխատակից, գրաբարի մասնագէտ, սքանչելի ուսուցիչ, առաջին կարգի բանախօս եւ հռետոր, ազգային գործիչ եւ սրտաբան բժիշկ, ամուսին եւ հայր, բարեկամ եւ ընկեր: Ինչ բանի որ ձեռք է նետեր՝ ոսկիի է վերածեր: Երկար կ՚երեւի կեանքը, բայց այն բոլորը որ սեղմեցուցած է 94 տարիներուն՝ այնքան բազմատեսակ ու բազմաբեղուն են, որ չզարմանալ անկարելի է այս գործունէութեան աշխուժութեան ու որակին վրայ:

Ահա՛, մա՛րդը:

Չէք կրար դամբանականի մը սեղմ խօսքերով նկարագրել իր անձը եւ գործը, զորս նիւթ պիտի վերցնեն գրականութեան պատմագէտներ, որոնք պիտի գտնեն իրենց առջեւ ուսումնասիրուելիք լայնածաւալ գանձ մը: Պահն է պանծացնելու իր անթառամ յիշատակը:

Աստուած Վարդ Շիկահերին շնորհեց այնպիսի տաղանդներ ու ձիրքեր, որ բնական էր, թէ միշտ առաջինը ըլլար իր զբաղած բոլոր ասպարէզներուն մէջ: Ծնած էր տոհմային բոլոր արժէքները իրեն ժառանգ թողելիք ընտանիքի մը մէջ, Տէր Թովմա Ա. Քահանայի որդին՝ հասակ նետած ու զարգացած էր հայկական շրջանակի մը բարձր մշակոյթը շնչելով: Մաքրուհեան, Էսաեան եւ Մխիթարեան վարժարաններու առասպելական ուսուցիչներուն ձեռքէն սնած էր եւ զաւակն էր ամէն գինով հայ մնալու ուխտած պոլսոհայութեան: Այս բոլորին յաւելեալ՝ աստուածատուր ուշիմ միտք ու փառաւոր յիշողութիւն մը դարձուց զինք իր ժամանակներու ազգային տիտաններէն մին:

Բայց այս բոլորը օգուտ պիտի չունենային, եթէ չունենար իր բարի սիրտը, որ ակունքն էր իր ամբողջ սիրելիութեան: Երբ կը դիտեմ իր կեանքը եւ գործը, ես կը տեսնեմ ընտրեալ հոգի մը՝ յատուկ առաքելութեամբ ուղարկուած աշխարհ, գեղեցիկը, ճշմարտութիւնը եւ բարին ապրեցնելու համար: Կամուրջ անձ մըն էր նա, որ իր էութեան վրայ միացուց անցեալը եւ ներկան, հայկականը եւ մարդկայինը, հոգին եւ մարմինը, գրաբարը եւ աշխարաբարը, գիտութիւնը եւ գեղարուեստը, բանաստեղծը եւ քարոզիչը, ուսուցչութիւնը եւ պայքարը:

Ահա՛, մա՛րդը:

Անխոնջ ծառան եղաւ մեր կրթական դաշտերուն, Մեծասքանչին սիրահար, անոր ամէն մէկ բառին, ամէն մէկ տառին նուիրեալ բանուոր, Արմենական մեր ցեղին դրօշակիր ու ասպետ՝ Մեսրոպեան պաշտամունքին ոսկեբերան քարոզիչ եւ ուսուցիչ՝ ի բնութենէ: Անգամ մը յայտնած էր ինծի քահանայ մը դառնալու իր երիտասարդութեան կոչումին մասին: Բայց արդէն հայաբարբառ ու հայատառ մեր կրթութեան տաճարներուն համար դարձած էր քահանայապետ մը առանց ձեռնադրութեան, եւ օրհներգած է ընդմիշտ գեղահիւս էջերով իր Փրկչի Տէր Յիսուս Քրիստոսի մեծութիւնն ու փառքը: Անգամ մը գրած էր Սուրբ Զատիկի վերաբերեալ սապէս.

«Քսան դար առաջ Մեծ Անմահը կը զգետնէր մահը ու յաւիտենական կեանքի սեմերը կը յարդարէր մարդկութեան առջեւ: Որքա՛ն խրախուսիչ է ձայնակցիլ Առաքեալին. «Ո՞ւր է մահ յաղթութիւն քո»: Անմահութի՛ւնն է հզօրը, մահը կը մեռնի անոր առջեւ»:

Իր հաւատքը կապած էր Քրիստոսին եւ անոր փառահեղ Յարութեան յաղթանակին: Սրտաբան բժիշկ մը, հարկաւ գիտէր, թէ կեանքը ի՛նչ մեծ խորհուրդ մըն էր՝ սիրտի աշխատանքի հրաշքով հիմնաւորուած: Ան լաւ գիտէր, թէ որո՞ւն հրամանով կը սկսի սիրտը բաբախիլ եւ որո՞ւն հրահանգով կանգ պիտի առնէ: Հայ Առաքելական Եկեղեցին յատուկ օրհնութեան աղօթք եւ երախտիք ունի իր հաւատարիմ զաւկին՝ լուսահոգի Վարդ Շիկահերին համար: Եւ այս ազգային-եկեղեցական յուաղարկաւորութեամբ կը յայտնենք մեր պարտքը: Ան իր եկեղեցւոյ ու քրիստոնէական հաւատքի վերաբերեալ թունդ կանգնեցաւ ժամանակի կասկածամիտ ու հաւատքը արհամարհող հոսանքներուն դէմ: Մինչեւ վերջը պաշտպանեց իրեն աւան-դըւած եկեղեցական արժէքները ու փոխանցեց զանոնք իր հասցուցած աշակերտներուն, ուսուցիչներուն եւ ընթերցողներուն: Գիտէր, թէ մտաւորականի մը պատասխանատուութիւնը ի՛նչ պէտք էր որ ըլլար, ազգը ապրեցնող հոգեւոր արժէքները պաշտպանելու ուղղութեամբ:

Ահա՛, մա՛րդը:

Վարդ Շիկահեր, ա՛յս մարդը, մարդու պէս մա՛րդը ըլլալու համար գին վճարելու պատրաստ էր ու վճարեց: Իր աշխոյժ գործունէութեան համար, իր ազգի սիւներէն մէկը դառնալու, առասպելական ուսուցիչ մը, բազմաբեղուն գրիչ մը, խղճամիտ ազգային գործիչ մը ըլլալու, խաւարը փարատելու համար որպէս ջահակիր առաջ նետուելու տուգանքն ալ վճարեց բանտերուն մէջ, ճաղերուն ետեւ: Մահուան սեմին հասած Պօղոս Առաքեալին պէս կրնար ըսել արդարապէս. «Պատերազմեցայ բարի պատերազմը, աւարտեցի ըթացքս, պահեցի հաւատքը: Եւ հիմա ինծի կը սպասէ արդարութեան պսակը՝ զոր ինծի պիտի տայ Տէրը՝ արդար Դատաւորը, այն օրը, իբրեւ հատուցում. Եւ ո՛չ միայն ինծի, այլ նաեւ անոնց՝ որ սիրեցին անոր յայտնութիւնը» (Բ. Տիմոթ. Դ:6-8):

Օր մը Ալեքսանտր Տումային հարց կու տան հիացած իր պատկառելի ծերութենէն. «Վարպետ, ինչպէ՞ս այսքան աղուոր կրցաք ծերանալ»: «Դիւրին չեղաւ» կը պատասխանէ հեղինակը, «դուրին չեղաւ, ամբողջ կեանքս վատնեցի ասոր համար»: Մենք ալ վկայ դարձանք գեղադէմ ու ալեհեր արեւամուտին մեր մեծ բանաստեղծ Վարդ Շիկահերին եւ շատ սիրեցինք զինքը։ Մենք, իր ժողովուրդը, իր ազգակիցները, իր աշակերտներն ու ընթերցողները, որոնց սիրտի թղեակին մէջ պիտի շրջի իր շիկահեր ու պայծառ յիշատակովը անվերջ: Թոյլ պիտի չտանք, որ իր ցանած սերմերը մեր մէջ կորին, անհետանան: Իր քերթուածները պիտի կարդանք, իր արձակով պիտի հիանանք մեր Մայրենիի գեղեցկութեան վրայ, իր անեքդոտները ժպիտ պիտի պատճառեն մեր շրթներուն վրայ կրկին, իր ուսումնասիրութիւններով պիտի լուսաւորուինք եւ իրմէ բուժում ստացած հազարաւորներ պիտի աղօթենք իր անմահ հոգիին համար, երբ յիշատակը կայծակի յանկարծ: Այժմ կը վերցնենք իր յիշատակը պոլսոհայ մեծութիւններու պանթէոնին եւ իր հոգին կ՚ուղարկենք ազգային մեծ փառքով Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն: Հարկաւ թէ անդենականին աւելի հոծ բազմութիւն մը պիտի դիմաւորէ զինքը ծափ տալով ցնծագին:

Այժմ եկէ՛ք, թաղենք Վարդ Շիկահերը իր սիրած, իր նուիրուած ժողովուրդին սիրտին մէջ: Այդպէ՛ս կ՚ուզէր ան թաղուիլ: Մեծ դատարկութիւն կը թողու իր ետին: 94 տարիներ առաջ Աստուած մանուկ մը առաքեց աշխարհ, որպէսզի փրկէ եւ լուսաւորէ հազարաւորներ: Փա՜ռք Աստուծոյ, որ Շիկահերը եռագոյն դրօշը յանձնեց ուրիշներուն, գոյատեւման պայքարը կը շարունակուի եւ աղօթենք, որ Աստուած ուրիշ մանուկներ ուղարկէ մեր նշխարեալ ազգի՝ ի մի հաւաքելու մեր աշխարհացրիւ զաւակները հայութեան:

Այս ազգային յուղարկաուրութեան առթիւ մեր կրօնական եւ աշխարհական բոլոր հաստատութիւններու եւ անոնց ներկայացուցիչներու ցաւակցութիւնները հաւաքաբար կը փոխանցեմ այրի տիկնոջ, ազնուափայլ տիկին Զեփիւռ Շիկահերին, իր թանկագին դուստրերուն՝ Հերային եւ Նաթալիին, թոռն ու պարագաներուն: Շնորհակալ ենք ձեզի ազգովին. որովհետեւ մեզի համար կայտառ եւ կենսառողջ ազգային մշակ մը պահեցիք ձեր երդիքին տակ: Վարդ Շիկահերի արդիւնաբեր կեանքի գաղտնիքը ձեր ընտանեկան կեանքն էր, ձեր տաքուկ բոյնը՝ սէր, համերաշխութիւնն ու հոգածութիւն պարունակող:

Հայ Կաթոլիկ համայնքը կը բերէ նաեւ իր ցաւակցութիւնը յանձին առաջնորդ Արհիապատիւ Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանի, Մխիթարեան հայրերով միասին: Հանգուցեալը Մխիթարեան վարժարանի պարծանք շրջանաւարտներէն եղած է եւ հաւատարիմ նուիրեալը՝ Մխիթարեան աւանդին: Ուստի, մեր յատուկ ցաւակցութիւնները կ՚ուղղենք նաեւ Մխիթարեան մեծ ընտանիքին եւ շնորհակալութիւն՝ իրենց բերած անփոխարինելի ներդրումին համար Վարդ Շիկահերի պէս ազգային հսկայի մը կազմութենէ ներս: Իր կամուրջ անձնաւորութեան մէջ միացուցած էր ինչ որ հայկական էր ու քրիստոնէական՝ մէկ ազգ, մէկ իտէալ բնաբանով առանց խտրութեան:

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի: Աստուած հոգին լուսաւորէ:

Երկուշաբթի, Յուլիս 20, 2020