ՀԱՄԱՅՆՔԸ ԿԸ ԴԻՄԱՓՈԽՈՒԻ

Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Տ. Գրիգոր Վրդ. Խաչատրեան յայտարարեց, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին վերջին ամրոցը մնացած է՝ հայութեան պահպանման համար։ Հայր սուրբը, որ քանի մը ամիս առաջ ընտրուած է առաջնորդի պաշտօնին, հարցազրոյց մը տուած է Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք նորընտիր թեմակալ առաջնորդին հետ կատարուած այս տեսակցութիւնը, զոր կատարած է Ժիրայր Չոլաքեան։

*

-Նախ թոյլ տուէք շնորհաւորել ձեր ընտրութիւնը։ Պէտք է ըսել, որ շատ լարուած մրցավազք մըն էր թեմի առաջնորդական ընտրութիւնը։ Առաջին անգամ ըլլալով թեկնածուները ծուխեր այցելեցին եւ տեսակցութիւններ ունեցան ծխականներուն հետ։ Դուք ընդհանրապէս գո՞հ էք արդիւնքէն։ Արդա՞ր էր ընտրութիւնը։

-Ընտրութիւնը թափանցիկ եւ բաց էր եւ իւրաքանչիւրը իր ձայնը տուաւ իր փափաքած թեկնածուին ի նպաստ։ Նոյնիսկ մտքէս չէ անցած արդար կամ ոչ-արդար զանազանումը։ Ձեր նշած նախընտրական վազքը քիչ մը քաղաքական երանգ ունի, բայց այդպէս չէր. թեկնածուները այցելեցին երեք շրջաններ՝ իրենց գաղափարները, ծրագրերը եւ նախատեսած աշխատանքները ներկայացնելու համար ծուխերու պատասխանատուներուն եւ հոգեւոր ներկայացուցիչներուն։ Իմ կարգին, ես ալ այցելեցի շրջանները եւ նոյնիսկ գրաւոր ներկայացուցի իմ ծրագիրը, որ գոհունակութիւն պատճառեց. ըսողներ ալ եղան, թէ գրաւորը իրենց ձեռքին ունենալով կրնան ապագային «հաշիւ» պահանջել, եթէ թերութիւններ նկատեն։

-Հետաքրքրական է ձեր գրաւոր ծրագրին պարագան, սակայն, յամենայնդէպս մամուլի մէջ այդ առթիւ չխօսուեցաւ, միայն նախկին առաջնորդ Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեանի հարցազրոյցն էր, որ լոյս տեսաւ «Նոր Յառաջ»ի մէջ։ Այսինքն, ընդհանրապէս թեկնածուներուն ծրագրերը հանրութեան չներկայացուեցան։

-Ըստ իս՝ ծրագրերը հանրային էին այն առումով, որ ներկայացուեցան բոլոր ծուխերու մէջ, 57 թեմական պատգամաւորներուն եւ ծխական խորհուրդներուն։ Այսինքն՝ եկեղեցական համայնքը տեղեակ էր անկէ։

-Առաջնորդական թեկնածու ըլլալը ձեզի համար ի՞նչ նշանակութիւն ունի, ինչպէ՞ս ծագեցաւ այդ քայլին դիմելու փափաքը։

-Կը կարծեմ՝ շատերու համար գաղտնիք չէ, որ ես երեսուն տարի առաջ Ֆրանսա եկայ որպէս ուսանող եւ Շաւիլի հոգեւոր հովիւ։ Այդ ընթացքին ուսումս ստանալէ ետք, միայն երկու տարի վերադարձայ Հայաստան։ Կարելի է ըսել, թէ թեմի ստեղծման արմատներուն կապուած եմ, այսինքն այդ օրերուն բաւական աշխատանք ալ ես տարած եմ։ Ըսել կ՚ուզեմ, թէ քաջատեղեակ ըլլալով թեմի գործունէութեան, փափաքեցայ իմ ուժերուս չափով ծառայել ժողովուրդիս։ Այսինքն՝ նպատակս անպայման առաջնորդ դառնալը կամ աթոռ ունենալը չէր, այլ պարզապէս իմ գիտցած ճամբով ծառայելը։

 -Ո՞րն է այդ ճամբան, ի՞նչ իւրայատկութիւն ունի։

-Այդ ճամբան իւրայատկութիւն չունի. ծառայած եմ Շաւիլ, Նիս, Մարսէյլ, Փարիզ, եւ ըստ այդմ ունիմ իմ աշխատելաոճը, որ տարիներու ընթացքին թրծուած ու յղկուած է։ Հոս կ՚ուզեմ մէջբերել՝ ընտրութենէն ետք Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ արտասանած խօսքս, թէ՝ «ես մինակս բան մը չեմ կրնար ընել եւ բոլորին գործակցութեան կարիքը ունիմ»։ Գիտէք, նշեալ ծրագիրս անկարելի է առանձին իրագործել, իսկ չիրագործուելու պարագային ամենէն մեծ մեղաւորը ես պիտի ըլլամ։ Պիտի խնդրեմ, որ համայնքային անձինք, անոնք որոնք շահագրգռուած են եկեղեցական կեանքին եւ թեմին ծաղկումով ու բարգաւաճումով, գան եւ միանան մեզի՝ այս ծրագիրը միասնական ուժերով գործադրելու համար։ Պէտք է ըսել, թէ շատեր խոստացան, որ պիտի օժանդակեն այս գործին։

-Այդ ծրագրին համաձայն՝ ո՞ր բնագաւառներուն մէջ կը կայանայ ձեր տանելիք աշխատանքը։ Որո՞նք են ձեր ծրագրած առաջնահերթութիւնները։

-Գլխաւոր առաջնահերթութիւնը երիտասարդները եկեղեցիին մօտեցնելն է։ Թող ներուի ըսել, որ ծերացող գաղութ մը ունինք, որովհետեւ երիտասարդութիւնը մէջտեղ չկայ։ Հետեւաբար պէտք է փորձել երիտասարդները վերադարձնել եկեղեցի՝ ծուխերու, գործուն ընկերակցութիւններու միջոցով։ Եւ այս աշխատանքը այսօր պէտք է կատարուի, 5 կամ 10 տարի յետոյ կրնայ ուշ ըլլալ։

-Ի՞նչ միջոցներով կարելի է իրագործել այդ աշխատանքը։

-Միմիայն սիրով։ Պէտք է եկեղեցւոյ դռները բանալ,- փոխաբերական իմաստով,- որ երիտասարդները տեսնեն, թէ հոն սէր կայ։ Ի վերջոյ երիտասարդութիւնը մեր ապագան է։ Բայց անոր պէտք է սորվեցնել, թէ ինչպէ՛ս կարելի է զբաղիլ եկեղեցիով։ Եթէ այսօր երիտասարդը նոյնիսկ չի գիտեր բարեւել հոգեւորականը, ինք չէ յանցաւորը, այլ՝ մենք ենք ատոր պատասխանատուն։ Ցաւօք սրտի, արդէն 70-80 տարի է, որ մեր եկեղեցւոյ դռները գրեթէ գոց են։

-Բայց մինչեւ հիմա այդ ուղղութեամբ բաւական փորձեր եղած են, նախկին առաջնորդներու կողմէ ստեղծուած են երիտասարդական միութիւններ...։

-Միութիւնները միշտ ալ գոյութիւն ունեցած են, գրեթէ բոլոր ծուխերը երիտասարդական միութիւններ ունին։ Բայց այդ միութիւնները պէտք է ծուխի կամ կառավարող վարչութեան, ծխական խորհուրդի կողքին ըլլան։ Այլ խօսքով այս երկուքը պէտք է իրարու միացնել, որ միասին աշխատին։ Երիտասարդներն ալ պէտք է ներգրաւել ծխական խորհուրդներուն մէջ։ Ունինք փայլուն եւ իրենց գործին մասնագէտ երիտասարդներ՝ իրաւաբանութեան, արուեստի, գրականութեան կամ այլ բնագաւառներու մէջ։ Արդէն երեք-չորս հոգի խոստացած է թեմական մակարդակով օժանդակել մեզի։

-Երիտասարդները եկեղեցիին մօտեցնելու գծով ի՞նչ միջոցներ կ՚առաջարկէք։

-Ինչպէս ըսի, վերոնշեալ քանի մը երիտասարդները պիտի գան եւ աշխատին կեանքի կոչուած զանազան յանձնախումբերու մէջ։ Օրինակ՝ կրօնական-կանոնական հարցերու յանձնախումբին կրնան շատ օգտակար ըլլալ, նկատի ունենալով որ քաջատեղեակ են թէ՛ Ֆրանսայի եւ թէ Հայ Եկեղեցւոյ օրէնքներուն։ Անոնք կրնան խորհրդատու մարմինի հանգամանք ունենալ։ Ասիկա երիտասարդը եկեղեցիին մօտեցնելու միջոց մըն է։

-Այս մէկը կարելի է վարչական կալուած համարել, իսկ մշակութային մարզին մէջ ի՞նչ կ՚առաջարկէք երիտասարդներուն։

-Կը կարծեմ, որ երիտասարդները կրնան հայ թատրոնի միջոցով ներկայացնել մեր արուեստագէտներու ստեղծագործութիւնները։ Արդէն հետաքրքրուողներ կան եւ ես ալ անոնց կ՚օժանդակեմ, որպէսզի թատերական խումբ մը ստեղծենք։ Միւս կողմէ, Հայաստանի մէջ արուեստի եւ մշակութային գիտելիքներու վերաբերող տարբեր մրցումներու օրինակով, կարելի է հոս ալ նոյնը ընել եւ մրցանակներու ճամբով երիտասարդը քաջալերել, խրախուսել ուսումնասիրելու հայ արուեստի զանազան բնագաւառները։ Պէտք է նախապատրաստել այս բոլոր աշխատանքները։

-Նախկին առաջնորդ Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեան կը գանգատէր եկեղեցւոյ նիւթականի չգոյութենէն, որ արգելք կ՚ըլլար ծրագրեր իրագործելու։ Դուք այս հարցը ինչպէ՞ս պիտի լուծէք։

-Հայոց եկեղեցւոյ կանոններուն համաձայն՝ նախ կը հիմնադրուի թեմը եւ այնուհետեւ թեմն է, որ կը հիմնէ ծուխերը։ Իսկ Ֆրանսայի մէջ եղած է հակառակը. այսինքն՝ ծուխերն են որ հիմնած են թեմը՝ շատ ու շատ հարցերու պատճառ դառնալով։ Անցնող 15 տարիներուն այդ առումով միշտ խոչընդոտներ եղած են։ Այժմ կը խորհիմ, որ պէտք է թեմական կանոնադրութիւնը որոշ փոփոխութիւններու ենթարկել, որպէսզի գոնէ վարչական գետնի վրայ կարելի ըլլայ աւելի ճկուն կերպով աշխատիլ։ Արդարեւ, այսօր վերոնշեալ ձեւով հիմնուած թեմը եկամուտի միջոց կամ աղբիւր չունի։

Այս կացութեան լաւագոյն օրինակը Փարիզի մայր եկեղեցին է, ուր բաւական շինարարական աշխատանքներ պէտք է տարուին, բայց ներկայիս շուրջ 300.000 եւրոյի պակաս ունինք եւ մօտ ապագային կրկին պէտք է դիմենք հաւատացեալներու առատաձեռնութեան։

-Ճիշդ է, որ զանազան ծրագրեր իրագործելու համար նախ պէտք է նիւթական միջոցները ապահովուին։ Բայց նաեւ հինէն մնացած կնճռոտ հարցեր կան. ինչպէս՝ Նիսի պարագան։ Ի՞նչ ձեւով կը կարծէք որ պիտի կարողանաք այդ հարցը լուծել։

-Նիսի պարագային, սա պահուս գնդակը մեր դաշտին մէջ չէ եւ ատիկա կախեալ է նիսեցիներու վերաբերումէն։

-Նիսեցիներ ըսելով որո՞ւն կ՚ակնարկէք։

-Այն ընկերեկցութեան, որ մինչեւ այսօր չի ճանչնար Թեմին եւ Սուրբ Էջմիածնի իշխանութիւնը։ Նախ պէտք է ընդունին եկեղեցւոյ կանոնադրութիւնը եւ երկրորդ՝ համայնքի բոլոր հայերը պէտք է դառնան մէ՛կ ընկերակցութեան անդամ։ Հետեւաբար, կը սպասենք իրենց առնելիք քայլերուն։

-Իսկ եթէ նման քայլի չդիմեն...։

-Այդ մասին նոյնիսկ մտածել չեմ ուզեր։ Ի դէպ, Թեմական խորհուրդը իրենց հետ մնայուն կապի մէջ է։

-Պաշտօնապէս գործող ծուխը համաձա՞յն է այս գործելակերպին։

-Այո՛։ Կրնամ ըսել որ՝ աշխատանքներ կը տարուին։ Սակայն յամենայնդէպս, իրենք է որ պէտք է որոշում կայացնեն։ Վերոնշեալ երկու կէտերէն բացի, Նիսի մէջ ուրիշ հարց գոյութիւն չունի։

-Վերջին տարիներուն, ընդհանրապէս հայ առաքելական ծուխերու անդամակցութիւնը շատ ցած մակարդակի վրայ կը գտնուի։ Օրինակ՝ Փարիզի պարագային, ծուխերու անդամներուն թիւը հետզհետէ կը պակսի։ Այդ հարցը կարգադրելու առումով ի՞նչ կ՚առաջարկէք։

-Այդ առումով նաեւ կանոնադրութեան որոշ կէտեր պէտք է փոփոխութեան ենթարկուին։ Որովհետեւ կանոնադրութեան համաձայն՝ անձ մը որ 30 տարի ապրած է Փարիզ եւ Փարիզի ծուխի անդամ եղած է, իսկ հանգամանքներու բերումով եթէ այսօր փոխադրուած է այլ շրջան մը, ան այլեւս չի կրնար Փարիզի ծուխի կամ մայր եկեղեցւոյ ընկերակցութեան անդամ ըլլալ։ Ահաւասիկ այս կէտն է, որ հարցեր կը ստեղծէ։ Կանոնադրութեան որոշ կէտերու փոփոխութեան ժամանակ պիտի դրուի նաեւ այն հարցը, որ մարդիկ կրնան միմիայն մէկ կրօնական ընկերակցութեան անդամ դառնալ։ Օրինակներ ունինք, որ շատեր քանի մը կրօնական ընկերակցութեան անդամ են։

-Համայնքը միշտ կը դիմափոխուի, նոր գաղթողներ կու գան։ Անոնց նկատմամբ եկեղեցւոյ լեզուամշակութային ներդրումը ինչպէ՞ս կը կազմակերպուի, ի տես ֆրանսախօսութեան լայն տարածման, եւ մա՛նաւանդ հայկական դպրոցներու առկայ կացութեան։

-Դպրոցներու վիճակը շատ տխրեցնող է, եթէ հաշուի առնենք, որ ֆրանսահայ մեծ համայնքը ընդամէնը 8-9 դպրոց ունի։ Այս հարցը անցնող տարիներուն լուծում չէ գտած։ Պատճառը ընդհանրապէս համայնքին անտարբերութիւնն է իր ապագային նկատմամբ։ Այս կացութեան մէջ եկեղեցին չի կրնար մեծ ներդրում ունենալ, եթէ համայնքը անտարբեր է եւ հայապահպանման գործընթացին մէջ եկեղեցիին չ՚աջակցիր։ Այս պարագային ես ապագայի նկատմամբ լաւատես չեմ։ Գիտէք, շատեր կը դժգոհին ու կը բողոքեն, թէ եկեղեցիին մէջ մի՛այն հայերէնն է, որ կ՚ունկնդրուի, կը գործադրուի։ Իմ պատասխանը հետեւեալն է. Հայ Եկեղեցին մնացած վերջին ամրոցն է, որ կը պահպանէ հայութիւնը։ Կրնամ մասնաւորապէս խօսիլ եկեղեցւոյ հիմնադրած միօրեայ դպրոցներու մասին, ուր հայերէն պահերը շատ քիչ են ու անբաւարար։ Շաբաթը մէկ օր հայերէն դասընթացքը չի բաւեր։ Անցեալին, երբ չկային տարբեր տեսակի, տարբեր գոյնի հազարաւոր ընկերակցութիւններ, եկեղեցին էր համախմբող ուժը եւ իւրաքանչիւրը եկեղեցւոյ մէջ կը գտնէր իր փնտռածը։ Այսօր համայնքը եկեղեցիէն հեռու կը գտնուի, քանի որ դժբախտաբար եկեղեցին իր տրամադրութեան տակ չունի հայութիւնը պահպանող գործիքները։

-Այսինքն՝ թէ՛ առաքելական եւ թէ այլ դաւանանքներո՞ւ։

-Այո՛։

-Սակայն Հայ Եկեղեցւոյ միւս դաւանանքները՝ կաթողիկէ կամ աւետարանական, նման դժգոհութիւններ չունին։ Ինչպէ՞ս է որ իրենք կը յաջողին։

-Միւս յարանուանութիւններուն ծիսական արարողութիւնները մեծ մասամբ ֆրանսերէնով կ՚ըլլան։ Հետեւաբար այս գործօնն ալ պէտք է նկատի ունենալ։ Բայց ընդհանրապէս եկեղեցին պէտք է իր հետեւորդներուն բացատրէ, թէ ի՞նչ է իր ըրածը։ Օրինակ մը բերեմ. Մեծ պահքի ընթացքին ամէն չորեքշաբթի մեր եկեղեցւոյ մէջ Խաղաղական ու Հանգստեան ժամերգութիւն (Հսկում) կը կատարուի, սակայն ամէն անգամ ընդամէնը հինգ կամ առաւելագոյնը տասը հոգի ներկայ կը գտնուի, հակառակ անոր որ իւրաքանչիւր ոք գիտէ եւ տեղեակ է ժամերգութեան մասին։

-Թերեւս պէտք է լայնօրէն ծանուցանել, տեղեակ պահել ժողովուրդը։

-Այդ ալ մեր ծրագրերուն մաս կը կազմէ։ Շուտով Թեմականի կայքէջը պիտի գործարկուի եւ մտադիր ենք այդ գործիքը լաւագոյնս օգտագործելու։

-Հայերէն լեզուով զբաղող կառոյցներուն հետ կը համագործացի՞ք։

-Նախ կ՚ուզենք հայ դպրոցին հետ համագործակցիլ։ Արդէն սկսած եմ այցելել դպրոցները եւ պիտի շարունակեմ այդ աշխատանքը՝ հասկնալու իրենց փափաքը եւ ակնկալիքները եկեղեցիէն, ըստ այդմ օգտակար ըլլալու մտադրութեամբ։ Բայց այդ գետնի վրայ ալ արգելքներ կան եւ որոշ դպրոցներ չեն ընդունիր եւ կը մերժեն քահանայի այցելութիւնը։

-Իսկ մշակութային այլ կարելիութիւններ ունեցող ընկերակցութիւններու հետ կապեր ունի՞ք։

-Որպէս փոխ-առաջնորդ, իմ ծառայութեանս վերջին հինգ տարիներուն կապեր եղած են եւ համագործակցած ենք։ Կը մնայ՝ հիմա ընկերակցութիւնները համոզուին եւ ինծի հետ որպէս Թեմի առաջնորդ համագործակցելու փափաք յայտնեն։ Մենք եթէ միասնաբար աշխատինք, կարելի կ՚ըլլայ շատ ու շատ դժուարութիւններ յաղթահարել։ Կոչ կ՚ուղղեմ, որ ընկերակցութիւնները՝ մէկդի դնելով անձնական, նեղ կուսակցական շահերը, մեկնին միմիայն ժողովուրդի շահերէն, քանի որ այսօր հայութիւնը թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի մէջ գոյութենական մարտահրաւէրի առջեւ կը գտնուի։ Ըսածս չափազանցութիւն չէ։

-Համայնքի ընկերակցութիւնները համակարգող մարմինը CCAF-ն է։ Վերջինիս, ինչպէս նաեւ Հայաստանի դեսպանութեան հետ ինչպիսի՞ յարաբերութիւններ ունիք։

-Երկուքին հետ ալ բարեկամական յարաբերութիւններ ունինք։ Չմոռնանք, որ CCAF-ի հիմնադիրներէն մէկը Հայ Առաքելական Եկեղեցին է։ Այսինքն գաղութի համակարգող մարմինի ծնողն ալ եկեղեցին է։

-Խորհրդանշական գետնի վրայ այո՛, այդպէս է։ Բայց յարաբերելու առումով ի՞նչ հեռանկարներ ունիք։

-Հեռանկարները միմիայն համայնքային կեանքին կը վերաբերին, որովհետեւ CCAF-ը համայնքին ներկայացուցիչն է՝ աշխարհական, քաղաքական հողին վրայ։ Հայ Եկեղեցին այս մարմինին հետ կը համագործակցի համայնքային հարցերու ենթախորքի վրայ։

-Ինչպէս գիտէք, Ֆրանսայի զանազան քաղաքներուն մէջ նոր համայնքներ ստեղծուած են։ Արդեօք անոնք եկեղեցւոյ հետ կապ հաստատա՞ծ են։

-Երկու տեղ հաստատապէս նոր ծուխ պէտք է հիմնել՝ Պորտոյի եւ Սթրազպուրկի մէջ, ուր բաւական հայաշատ գաղութներ կան։ Պորտոյի հայութիւնը եւ իր ընկերակցութիւնները ինքնաբուխ կերպով դիմած են մեզի եւ տեղւոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ Վահան Սրբազան արդէն պատարագ մատուցած է։ Համայնքը կը փափաքի այդ եկեղեցին գնել կաթողիկէներէն եւ առ այդ պէտք է շուտով հանգանակութիւն կազմակերպել։ Մենք ալ մտադիր ենք հոգեւոր հովիւ մը նշանակել Պորտոյի եւ շրջանի հայութեան հոգեւոր կարիքները հոգալու համար։ Իսկ Սթրազպուրկը, որ Ֆրանսայի արեւելեան շրջանն է եւ շուրջ 35 հազար հայութիւն կը համախմբէ, տակաւին կազմակեպուած չէ։ (…)։

-Այսօր Ֆրանսայի հայոց թեմը ընդհանուր առմամբ ի՞նչ վիճակ կը պարզէ։ Որո՞նք են դրական կամ բացասական կողմերը։ Ախտաճանաչում ըրա՞ծ էք, որպէսզի ըստ այնմ կարելի ըլլայ լուծումներ գտնել։

-Ախտաճանաչումը ինծի համար ըրած եմ, սակայն վստահ ըլլալու համար պէտք է այցելել թեմին շրջանները եւ տեղւոյն վրայ ծխականներուն հետ քննարկել հարցերը, թէ քանի՞ անդամ ունին, քանի՞ հոգի եկեղեցի կը յաճախէ, ի՞նչ գործունէութիւն կը տանին ծխական խորհուրդը, հոգեւոր հովիւը, ինչպէ՞ս են այս երկուքին համագործակցութեան տարողութիւնը, իրարու հետ յարաբերութիւնները...։ Շատերու պատկերացումով՝ Ֆրանսա աշխարհիկ երկիր ըլլալով մի՛այն ծխական խորհուրդն է, որ իշխանութիւն է, բայց այդպէս չէ, եկեղեցիէն ներս հաւատացեալն է իշխանութիւնը, Քրիստոսի շուքին տակ։ Ծխական խորհուրդը ընտրուած է հաւատացեալներու ձայներով եւ հաւատացեալներու նուիրատուութեամբ կը գոյատեւէ։ Միւս կողմէ, պէտք է քաջալերել հաւատացեալները, որ անդամագրուին իրենց ծխական ընկերակցութիւններուն, որպէսզի Ֆրանսայի հողին վրայ, երկրին օրէնքներուն համաձայն հաւատացեալը իր օրինական ձայնը ունենայ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2022