ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ ՍԱՐԿԱՒԱԳ ՄԸ ՁԵՌՆԱԴՐԵՑ ՖՐԵԶՆՈՅԻ ՄԷՋ

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան վերջերս այցելեց Ֆրեզնօ, ուր Ս. Պատարագ մատոյց տեղւոյն Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ։ Այս արարողութիւնը մայր եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ համախմբեց հարիւրաւոր հաւատացեալներ, որոնք ունկնդրեցին Նորին Սրբազնութեան քարոզին։ Օրուայ աւետարանական պատգամը հաւատացեալներուն փոխանցելու առընթեր, թեմակալ առաջնորդը կոչ ուղղեց, որպէսզի իւրաքանչիւրը նորոգէ իր կոչումը եւ յանձնառու ըլլայ եկեղեցւոյ սուրբ առաքելութեան։

Ս. Պատարագի ընթացքին, ձեռամբ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի տեղի ունեցաւ սարկաւագի ձեռնադրութիւն։ Սարկաւագ ձեռնադրուեցաւ Տիգրան Իսկենեան, որ երկար տարիներէ ի վեր նուիրեալ ծառայութիւն կը մատուցէ։ Խարտաւիլակն էր տեղւոյն հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Եսայի Քհնյ. Պետրոս։ Նորին Սրբազնութիւնը շնորհեց նաեւ դպրութեան չորս աստիճաններ։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ ճաշկերոյթ մը սարքուեցաւ ի պատիւ թեմակալ առաջնորդին։ Ոգեւոր մթնոլորտի մէջ անցաւ սիրոյ սեղանը, որու ընթացքին Փարլօ Սրկ. Տէր-Մկրտիչեան եւ Սթիւ Սրկ. Էտըմս շքանշաններով պատգեւատրուեցան Նորին Սրբազնութեան կողմէ։ Յայտագրի գործադրութեան աւարտին հուսկ բանք մըն ալ արտասանեց Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, որու արձակման աղօթքով սրահէն բաժնուեցան սիրոյ սեղանի մասնակիցները։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 20, 2021