Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ ԵՐԷԿ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ՍԵՒԱՆԻ Ս. ԱՌԱՔԵԼՈՑ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որ ուսումը կատարելագործելու համար մեկնած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, շաբաթավերջը անցուց Սեւանի Վազգէնեան դպրանոցին մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, այս դպրանոցը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ արդի պատմութեան մեծագոյն ձեռքբերումներէն է։ Ան ստեղծուած է Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի անփոխարինելի ջանքերով եւ դարբնոցի մը վերածուած է՝ նոր եկեղեցականներու պատրաստութեան ճանապարհին։

Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան շաբաթավերջին հոգեւոր վառ ապրումներ ունեցաւ Սեւանի մէջ՝ մինչ դպրանոցի վանահայրն ալ ջերմ հիւրընկալութեան եւ հոգածութեան առարկայ դարձուց զինքը։ Ան երէկ պատարագեց Սեւանի թերակղզիի Սրբոց Առաքելոց պատմական վանքին մէջ։ Կոմիտասեան բազմաձայն եղանակով տեղի ունեցան կիրակնօրեայ երգեցողութիւնները։ Ս. Պատարագի ընթացքին հայր սուրբը տուաւ նաեւ օրուան քարոզը։ Սեւանի մէջ կեցութեան առիթէն օգտուելով՝ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան ուխտի այցելութիւն մըն ալ տուաւ լճի ափի պատմական հայրավանքը, որ Հայաստանի ամենախորհրդաւոր սրբավայրերէն մին է։

Երկուշաբթի, Փետրուար 21, 2022