ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒ ՀԵՏԱՄՈԻՏ
Բարձր նախագահութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը, որուն կը մասնակցի նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Նոյնպէս երէկ, Վեհափառ Հայրապետը հիւրընկալեց Վատիկանէն բարձրաստիճան հիւր մը՝ ի դէմս Արեւելեան կաթոլիկ եկեղեցիներու քահանայապետական գրասենեակի նախագահ կարտինալ Քլաոտիօ Կուչերոթթին, որ Հայաստան կ՚այցելէ իր հրաւէրին ընդառաջ։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգի հաղորդումներով, ԳՀԽ-ի նստաշրջանը սկսաւ Տէրունական աղօթքով, որմէ վերջ Նորին Սրբութիւնը ողջունեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր մասնակցութիւնը։ Ան այնուհետեւ իր գնահատանքն ու օրհնութիւնը փոխանցեց ժողովի հոգեւորական ու աշխարհական անդամներուն՝ մաղթելով Սուրբ Հոգիի շնորհներն ու առաջնորդութիւնը արդիւնաւէտ աշխատանքի համար։
Նստաշրջանի օրակարգին վրայ կը գտնուին Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ իրադարձութիւնները, Արցախէն բռնի տեղահանեալներու առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման, Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման վերաբերեալ հարցեր։ Մասնաւոր անդրադարձ կը կատարուի ներկայ տարուան ընթացքին նախատեսուած՝ Սուրբ Էջմիածնի Մայր տաճարի վերաօծման եւ պաշտամունքի վերաբացման, նաեւ Միւռոնօրհնութեան կազմակերպման։
Օրակարգի վրայ են եկեղեցավարչական, թեմական, կրթադաստիարակչական տարաբնոյթ հարցեր։
ԿԱՐՏԻՆԱԼԻՆ ՀԵՏ
Վեհափառ Հայրապետը կարտինալ Քլաոտիօ Կուչերոթթիի հետ զրոյցի ընթացքին գոհունակութեամբ վերյիշեց անոր ծառայութեան տարիները Հայաստանի մէջ՝ իբրեւ պապական նուիրակ։ Ան գնահատեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի նկատմամբ կարտինալին կողմէ մշտապէս դրսեւորուած ջերմ վերաբերմունքը։ Նորին Սրբութիւնը գնահատանքը յայտնեց նաեւ կարտինալ Կուչերոթթիի կողմէ հայագիտութեան բերուած աւանդին համար։
Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ Հայաստանեայց Առաքելական եւ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցիներու միջեւ հաստատուած եղբայրական գործակցութեան։ Ան ապա իր մտահոգութիւնները յայտնեց կարտինալ Կուչերոթթիի նկատառման՝ տարածաշրջանէն ներս ստեղծուած բարդ իրավիճակին եւ Հայաստանի առջեւ ծառացած անվտանգային մարտահրաւէրներուն կապակցութեամբ։
Տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ Մերձաւոր Արեւելքէ ներս քրիստոնէական համայնքներու կեանքին վերաբերեալ խնդիրներ։ Կարեւորուեցաւ քրիստոնէական եկեղեցիներու ջանքերու մէկտեղումը՝ ի խնդիր մարդկութեան կեանքէն ներս խաղաղութեան ու համերաշխութեան հաստատման։
Հուսկ, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը եղբայրական բարեմաղթանքները փոխանցեց Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին։
Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետի կողքին էին Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի վարիչ Տ. Շահէ Ծայրագոյն Վարդապետ Անանեան։
Միւս կողմէ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ երեկոյեան Վեհարանի մէջ ընթրիք մը սարքեց ի պատիւ կարտինալ Քլաոտիօ Կուչերոթթիին։ Ջերմ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ սեղաններուն շուրջ։ Ներկաներու շարքին էին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամները, ինչպէս նաեւ միջեկեղեցական այլ հիւրեր։
Եկեղեցական
- 11/12/2024