ՏԷՐ ՅԻՍՈՒՍԻ ԾՈՄԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆԸ

Մեծ պահքի տասներորդ օրն է:

Երէկ խօսեցանք Տէր Յիսուսի ծոմապահութեան մասին, ապա եկեղեցւոյ հայրերէն հատուածներ մէջբերեցինք այդ ուղղութեամբ: Այսօր, մեր ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք լուսահոգի Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի բացատրութիւնները այս մասին:

Այսպէս, Սրբազան Հայրը կը գրէ.

Փորձութիւնները մարդկային բնութեան յատուկ են: Մարդ էակը մեղաւոր է: Փորձութիւնները սկիզբ կ՚առնեն այն վիճակէն: Բայց Յիսուսի պարագան տարբեր էր: Թէեւ Ան մեր բնութիւնը առաւ, սակայն մեղքը չառաւ: Ան կատարելապէս մարդ եղաւ եւ մեզի պէս ըլլալու համար՝ մարդկային բնութեան յատուկ ամէն ինչ Իր վրայ առաւ, բացի մեղքէն: Իբր Աստուած Ան զերծ էր մեղքէ: Իր աստուածախառն մարմնով, ինչպէս կ՚ըսէ շարականը, Ան ենթակայ չէր մեղքին: Հետեւաբար, փորձութիւնը Իրեն համար չէր: Յիսուս անապատ կը տարուէր մարդկային հասարակաց փորձութիւնը դիմագրաւելու եւ զայն յաղթահարելու համար: Ուրեմն, Յիսուսի անապատային փորձութիւնն ալ փոխանորդական էր, այլ խօսքով մարդոց փոխարէն եւ մարդոց համար էր:

Հին Ուխտին մէջ, Աստուծոյ հին ժողովուրդը փորձութեան ենթարկուեցաւ անապատին մէջ: Յիսուսի փորձութիւնը կը խորհրդանշէ նաեւ Աստուծոյ նոր ժողովուրդին ունենալիք փորձութիւնը աշխարհ-անապատին մէջ: Հետեւաբար, Յիսուսի փորձութիւնը եկեղեցւոյ կեանքին կը վերաբերի, որ Իրմով կը սկսի եւ մինչեւ ժամանակներու վախճանը կ՚երթայ:

«Քառասուն օր եւ քառասուն գիշեր ծոմապահութեամբ անցընելէ ետք՝ անօթեցաւ»: Ինչո՞ւ է այս հաստատումը: Քառասուն օրերու ընթացքին չանօթեցա՞ւ: Ինչո՞ւ ետքը անօթեցաւ:

Այն մարդիկը որոնք ծոմ կը պահեն՝ առաջին օրէն իսկ իրենց անօթութիւնը կը զգան: Բնագիրը մեզի չ՚ըսեր, որ Յիսուս 40 օրերու ընթացքին անօթութիւն չզգաց: Բայց երբ որ կ՚արձանագրէ, թէ անկէ ետքը անօթեցաւ, կարծէք ըսել կ՚ուզէ, որ նախորդ օրերուն՝ անօթութիւնը զգալի չդարձուց ինքզինք, այլ յետոյ է, որ զգալի դարձուց:

Ծոմապահութեան փորձառութեան բարձունքին, այսինքն՝ Իր ներքին ուժի լարման գագաթին, երբ իբր մարդ Իր հոգեմտաւոր պատրաստութիւնը պիտի ունենար՝ Իր տկարութիւնը զգաց: Ասիկա ընդհանուր ճշմարտութիւն մը կ՚արտայայտէ: Մարդկային կեանքի մարմնաւոր, մտային եւ հոգեկան փորձառութիւններուն մէջ հետաքրքրական է տեսնել ներքին զօրութեան եւ տկարութեան զգացումին միաժամանակ յայտնութիւնը: Յաճախ մարդոց տկարութիւնները կը յայտնուին իրենց զօրութեան բարձրակէտին:

Այստեղ զգոյշ պէտք է ըլլալ եւ անդրադառնալ, որ Յիսուսի անօթի զգալը կամաւոր էր: Բնագիրը ատիկա չ՚ըսեր մեզի, բայց եկեղեցւոյ հայրերը ատիկա շատ յստակօրէն կ՚աւանդեն: Եկեղեցւոյ հայրերուն հաստատումն է, թէ Յիսուս երբ իբր Աստուած կը կամենար՝ թոյլ կու տար, որ մարմինը չզգայ. կամ թոյլ կու տար, որ մարմինը զգայ: Յիսուս որպէս Աստուած կամեցած էր, որ Իր մարմինը անօթութիւնը զգար:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 3 եւ վերջ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 21, 2024