ԱՐՔՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԻՒ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հարաւային Ռուսաստանի թեմի առաջնորդ Տ. Մովսէս Արք. Մովսիսեանը։ Հարկ է նշել, որ անցեալ Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին Վեհափառ Հայրապետը առաջնորդ սրբազան հօր շնորհած էր արքութեան պատիւ՝ ի գնահատութիւն Հայ Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս տարիներու վաստակի եւ նուիրեալ ծառայութեան։ Ուրեմն, հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը Տ. Մովսէս Արք. Մովսիսեանին յանձնեց համապատասխան Հայրապետական սրբատառ կոնդակը։

Հանդիպումը սկսաւ Տէրունական աղօթքով։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանատան ներեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի տնօրէն Տ. Պարոյր Քհնյ. Աւետիսեան ողջունեց Հարաւային Ռուսաստանի թեմի պատուիրակութիւնը։ Ապա Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան ընթերցեց Վեհափառ Հայրապետի սրբատառ կոնդակը, ուր գնահատանքի խօսքեր հասցէա-գըրւած էին Տ. Մովսէս Արք. Մովսիսեանին։

Հանդիպումը աւարտին հասաւ Նորին Սրբութեան օրհնութեան խօսքով։

Հինգշաբթի, Մարտ 21, 2019