ՊԱՀՔԻՆ ԱՆՈՒՇԱՀԱՏՈՒԹԻՒՆԸ ԱՂՕԹՔՆ Է

Մեծ պահքի 22-րդ օրն է:

Պահեցողութիւնը այն ճանապարհորդութիւնն է, ուր մարդուն ճամբորդական պայուսակները պէտք է լեցուած ըլլան բազմազան առաքինութիւններով: Այդ առաքիութիւններուն գլխաւորը սակայն պէտք է ըլլայ աղօթքը: Որովհետեւ՝

Առանց աղօթքի պահեցողութիւնը կը դառնայ անարդիւնք:

Առանց աղօթքի պահեցողութիւնը կը կորսնցնէ իր իմաստը:

Առանց աղօթքի պահեցողութիւնը կը նմանի դատարկ ամանի:

Առանց աղօթքի պահեցողութիւնը կը դառնայ լոկ երեւոյթ:

Առանց աղօթքի պահեցողը չի՛ կրնար հասնիլ խաղաղ նաւահանգիստ:

Առանց աղօթքի պահեցողը չի՛ կրնար դիմանալ չարին փորձութիւններուն:

Ի վերջոյ առանց աղօթքի պահեցողը չի՛ կրնար պահք պահել:

Լսենք Սուրբ Յովհան Ոսկերբերան Հայրապետը, որ կ՚ըսէ. «Երբ պահք պահողի մը կողքին կանգնիս, անմիջապէս անոր անուշ հոտը կ՚առնես, որովհետեւ աղօթքը հոգեւոր անուշահոտութիւն է, որ անձին առաքինի ըլլալը կը յայտարարէ՝ աչքին ու լեզուին միջոցաւ։ Այս մէկը չեմ ըսեր քննադատելու համար ուտողները, այլ՝ որպէսզի պահեցողութեան օգտակարութիւնը ցոյց տամ»: Արդարեւ՝

Աղօթքով պահեցողը առաքինութիւններով զարդարուած կ՚ըլլայ:

Աղօթքով պահեցողը անուշահոտութիւն կը բուրէ:

Աղօթքով պահեցողին բերանը միայն զԱստուած կը փառաբանէ ու կ՚օրհնաբանէ:

Աղօթքով պահեցողին բերանը միայն արդարութիւն ու ճշմարտութիւն կը խօսի:

Աղօթքով պահեցողին աչքերը միայն յաւիտենական Գեղեցիկը կը փնտռեն:

Աղօթքով պահեցողին ականջները Անմահ Թագաւորին ձայնը կ՚ուզեն լսել միայն:

Աղօթքով պահեցողին ձեռքերը բարեգործութիւն ընել կը կամենան միայն:

Աղօթքով պահեցողին ոտքերը արդարութեան ճանապարհներէն կը քալեն:

Հետեւաբար, իւրաքանչիւր պահեցող որպէսզի յաջողի խաղաղ նաւահանգիստ հասնիլ, ամէն բանէ առաջ աղօթքը պիտի ունենայ իր հետ որպէս վահան, դիմակայելու համար չարէն եկած ամէն տեսակի փորձութիւն ու յարձակում, միւս կողմէ աղօթքով անուշաբոյր խունկ դառնալ Աստուծոյ համար:

Քսաներկրորդ օրուան մարտահրաւէր. սորվեցնենք մեր հոգիներուն աղօթել, ո՛չ միայն պահեցողութեան ժամանակ, այլ՝ մեր ամբողջ կեանքի տեւողութեան ընթացքին:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երկուշաբթի, Մարտ 21, 2022