ՀՆԱԶԱՆԴԻԼ ՈՒ ՎՍՏԱՀԻԼ ՏԻՐՈՋ

Մեծ Պահքի 30-րդ օրն է:

Տէր Աստուած երբ Մովսէսին ընտրեց, որպէսզի Իր խօսնակն ու դեսպանը ըլլայ հրեայ ժողովուրդին մօտ, եւ զանոնք ստրկութեան երկրէն՝ Եգիպտոսէն հանելով առաջնորդէ դէպի խոստացուած երկիր՝ Քանան, Մովսէս սկիզբը կը վախնայ, չ՚ուզեր ընդունիլ. յետոյ Տէրը անոր նշաններ գործելու կարողութիւն կու տայ, ձեռքին գաւազանը օձի վերածելու, ձեռքը ծոցին մէջ դնելով բորոտանալու, ինչպէս նաեւ գետին ջուրը արիւնի վերածելու: Այս բոլորէն ետք Մովսէս դարձեալ չ՚ուզեր ընդունիլ, եւ հետեւեալ խօսակցութիւնը տեղի կ՚ունենայ իր եւ Աստուծոյ միջեւ, որ Ելից գիրքին մէջ արձանագրուած է: Այսպէս.

«Մովսէս ըսաւ Տիրոջ. "Ո՜հ, Տէ՛ր իմ, ես ճարտարախօս չեմ ո՛չ երէկ, ո՛չ միւս օր եւ ո՛չ ալ ծառայիդ հետ խօսելէդ յետոյ, հապա ես ծանրախօս ու ծանրալեզու եմ": Եւ Տէրը ըսաւ անոր. "Ո՞վ տուաւ մարդուն բերան, կամ ո՞վ ըրաւ համրը կամ խուլը կամ աչք ունեցողը կամ կոյրը. չէ՞ որ Ես՝ Տէրս: Ուստի գնա՛ հիմա ու Ես՝ քու բերնիդ հետ պիտի ըլլամ եւ քեզի պիտի սորվեցնեմ ինչ որ պիտի խօսիս"» (Ելք 4.10-12):

Մեր կեանքի ընթացքին յաճախ՝ ուղղակի կամ անուղղակի կերպով Տէր աստուած մեզի թելադրութիւններ կը կատարէ, սակայն մենք գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար կը մերժենք լսել ու գործադրել Աստուծոյ տուած թելադրութիւնները, հազար եւ մէկ պատճառաբանութիւններ յառաջացնելով, սկսած մեր տկարութենէն հասնելով մեր բազմազբաղուածութիւնը, եւ այլն…: Սակայն, Աստուծոյ ու Մովսէսի այս երկխօսութիւնը բոլորին ուղղուած յստակ եւ խօսուն ազդարարութիւն-օրինակ մըն է, որ պէտք չէ զԱստուած մերժել կամ անտեսել Անոր թելադրութիւններն ու պատուիրանները, ինչ ալ ըլլան մեր պատճառաբանութիւնները:

Եթէ Աստուած կը դիմէ մեզի որեւէ մէկ բանի համար, Ինք լաւապէս գիտէ, որ մենք ի զօրու ենք այդ բանը ընելու, սակայն, Ան չ՚ուզեր առանց մեր համաձայնութեան մեզ որեւէ մէկ բանի պարտադրել: Յիշենք Սուրբ Մարիամ Աստուածածինին դէպքը եւ անոր տուած պատասխանը. «Աստուծոյ աղախինն եմ, թող քու ըսածդ ըլլայ» (Ղկ 1.38):

Այսօր մեզմէ քանի՞ հոգի նոյն համարձակութիւնը եւ ինքնավստահութիւնը ունի այդպիսի պատասխան տալու Աստուծոյ՝ երբ Ան դիմէ մեզի: Մեզմէ քանի՞ հոգի պատրաստակամութիւնը ունի ինքզինք՝ իր զբաղուածութիւններն ու իր եսը մէկդի ձգելով, Աստուծոյ թելադրութիւնները կատարելու: Մեզմէ քանի՞ հոգի առանց վարանելու եւ կասկածելու կուրօրէն կ՚երթայ այնտեղ՝ ուր Աստուած կը ղրկէ զինք, վստահելով Տիրոջ խօսքին, թէ՝ «քու բերնիդ հետ պիտի ըլլամ եւ քեզի պիտի սորվեցնեմ ինչ որ պիտի խօսիս», այլ խօսքով՝ «միշտ քեզի հետ պիտի ըլլամ եւ պիտի առաջնորդեմ քու քայլերդ, կարեւորը դուն ձայնս լսէ՛ ու գործադրէ՛ քեզի ըսածներս»:

Պահեցողութեան մնացած այս ժամանակաշրջանը օգտագործենք, որպէսզի այդ ինքնավստահութիւնն ու համարձակութիւնը ձեռք ձգենք:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

3 մարտ 2023, Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Մարտ 21, 2023