ՓԱՌՔ ՔԵԶ ՏԷՐ ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԵՐ…

Գիշերային մթութեան մէջ կամաց կամաց կը տիրապետէ անձայնութիւնը եւ բնութեան մէջ թաքնուած մատուռ մը կը պատրաստուի հսկման արարողութեան։ Ս. Յակոբ մատուռն է սա, Ս. Ներսէս ճեմարանի, ուր ամէն օր գրեթէ կը հնչէ աղօթքը հոգեւորականաց, աշակերտաց եւ հաւատացելոց։

Ահա արդէն հասած է Հանգստեան ժամերգութեան պահը եւ կամ ժողովրդական անունով՝ Հսկումը։ Աշակերտներ իրենց սեւ սքեմով արդէն իսկ կ՚ուղղուին դէպի մատուռ, անցնելով դալարապատ ճամբայէն։ Գիշերը արդէն իսկ իջած է քաղաքին վրայ եւ ամէն ինչ առաւել եւս պատրաստ է աղօթքով վերանալու, Աստուածամերձ դառնալու եւ շարականի երգեցողութեամբ զԱստուած փառաւորելու համար։ Եւ յանկարծ, սեւածածկեալ երկինքի մէջ տեսանելի կը դառնայ փոքր լոյսի մը նշոյլը, որ կ՚արձակուի Ս. Յակոբ մատուռէն։ Փոքր կանթեղներու մեղմ լոյսը, խորհրդաւոր մթնոլորտը կը ստեղծէ աղօթավայրին մէջ, իսկ միւս կողմէ խաւար գիշերուան մէջ կը ծածանի լոյսի գեղեցկութիւնը։ Մութ գիշեր, լուռ գիշեր, երկինք ու երկիր անձայն են ու խաղաղ ու մեղմ կը փայլի լոյսը սուրբ մատուռէն եւ հեռուէն բոլորիս աչքը կը գրաւէ…

Եւ ահա կը յայտնուի առաջնորդ հայրը, իր քայլերով կամաց մը կը մօտենայ դէպի մատուռ, նախագահի իր վսեմութիւնը զգալի դարձնելով։ Վեղարի շուք մը կը յայտնուի յանկարծակիօրէն, որ իր սրածայր գագաթով կը յիշեցնէ Գողգոթան՝ նուիրուածութեան բարձունքը։ Այլեւս բոլորս պատրաստ ենք, միասնաբար աղօթելու խնկի բոյրով աղօթալի այս վայրին մէջ։ Ս. Խորանի վրայ կանգնած Խաչելութեան պատկերը, մթագնած եկեղեցւոյ առաւել եւս կը խօսի խաւարի եւ լոյսի, բարիի եւ չարի, կեանքի եւ մահուան մեծ պայքարի մասին։ Եւ մենք կը դիտենք մահուան գործիքը, լոյսով փարատած գիշերային մթնոլորտին մէջ։ «Սակայն Աստուած իր սէրը որ մեր վրայ ունէր՝ յայտնեց, երբ դեռ մեղաւոր էինք» (Հռովմ. 5.8)։

Օրհեալ Տէր մեր Յիսուս Քրիստոս. ամէն. Հայր մեր… Միասնաբար արտասանուած Տէրունական աղօթքով կը հնչէ ապրող եկեղեցիին ձայնը դէպի Ապրող ու Ապրեցնող զԱստուած։ Սովորական աղօթքներէ կը տարբերի այս մէկը շատ ատեն, վասնզի այս մթնոլորտը կը մղէ խորհրդաւորութեան թափանցելու եւ Խաչի սրբապատկերին առջեւ բազկատարած աղօթելու։ «Նշանեցաւ առ մեզ լոյս երեսաց Քոց, եւ ետուր ուրախութիւն սրտից մերոց»:  Իւրաքանչիւր աղօթք, «Խաղաղութիւն ամենեցուն» աւետիսով կը լիառատաւորէ մեր էութիւնը եւ կը զգանք՝ խաղաղութեան նշան Ս. Խաչի օրհնութիւնը։ Ապա, նոյն աղօթքի տողերը առաւել եւս լուծ մը կը դնեն մեր ուսերուն վրայ եւ կը հարկադրուինք «Աստուծոյ երկրպագեսցուք» ըսելու եւ ծնրադրելու Ս. Խաչի սրբապատկերին առջեւ։ Խաչեալ Տիրոջ առջեւ կանգնած ենք բոլորս եւ առանց եկեղեցական աստիճանի խտրութեան իւրաքանչիւրս կ՚ակնկալենք նոյն բանը. Հանգստութիւն։

«Մեղքին անձնատուր մի՛ ըլլաք, ձեր անդամները անիրաւութեան գործիք դարձնելով, այլ՝ որպէս մահուընէ կեանքի եկած մարդիկ՝ դուք ձեզ Աստուծոյ յանձնեցէք եւ ձեր մարմինները Աստուծոյ ձեռքին մէջ արդարութեան գործիք դարձուցէք» (Հռովմ. 6.13): Աղօթքի զօրութիւնը զգալի է ամէնուրեք այս պատկերին մէջ։ Ինչպէս, որ մահուան գործիքը Խաչեալ Փրկիչով կերպարանափոխուեցաւ, նոյն ձեւով աղօթքի կանգնածներուս տրամադրութիւնը կը փոխուի Աստուծոյ զօրութիւնը, ողորմութիւնը եւ յատկապէս անվերջ սէրը զգալով։ Եւ ահա այս զգացողութիւնը քանի քանի անգամներ կը պարարտացնէ Ս. Ներսէս Շնորհալիի գրի առած աղօթքի տողերով. «Ողորմեա քո արարածոց եւ ինձ բազմամեղիս»։

Եւ ահա այս զգացողութեամբ վարդապետը կը մօտենայ Ս. Խաչի պատկերին եւ կը սկսի բարձրաձայն երգել աղերսալի ելեւէջներով. «Փառք քեզ, Տէր Աստուած մեր, որ պարգեւեցեր զօրս զայս բարեաւ եւ խաղաղութեամբ անցուցանել»: Միասնաբար երգուած «Ամէն»ը որքան ազդեցիկ եւ սրտայոյզ է այս պահուն, երբ անձայն ու մթագնած երկինքը կը վկայէ բոլորիս պաղատանքին եւ շողշողացող իմաստալից լոյսը մատրան կը ներթափանցէ մեր ներսիդին։ Չկայ աւելի զօրաւոր նշան մը այս պահուն քան այս լոյսը, որ իր անսահման զօրութիւնը ցոյց կու տայ։ Փառք «Լոյս ի լուսոյ»ին, որ պարգեւեց բոլորիս այս խորհրդաւոր պահը աղօթական։

Իսկ խորհրդաւոր այս հանդիպումը իր աւարտին կը հասնի առաջնորդ հայր սուրբին վերջին օրհնութեամբ. «Օրհնեալ եղերուք ի շնորհաց Սուրբ Հոգւոյն, երթայք ի խաղաղութիւն եւ տէր Յիսուս Քրիստոս եղիցի ընդ ձեզ ընդ ամենեսեանդ. ամէն»։ Վերջին աղօթքէն յետոյ, բոլոր ներկաներ անձայնութեան մէջ կը բաժնուին սուրբ մատուռէն, կրկին անգամ անցնելով մութ գիշերուան ճանապարհէն դէպի հանգստավայր։ Սակայն այս անգամ գիշերը մութ է, իսկ մեր սրտերը լուսաւորուած աղօթքի զօրութեամբ եւ ազդեցութեամբ։ «Փրկեա զմեզ ի հրոյն յաւիտենից. եւ քեզ փառք յաւիտեանս. ամէն»:

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

18 մարտ 2023, շաբաթ,
Ս. Ներսէս Ճեմարան, ԱՄՆ

Երեքշաբթի, Մարտ 21, 2023